Երէկ կէսօրէ առաջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա այցելեց «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիր (Զուք), ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարզահամալիրի տնօրէն Նուհատ Նաուֆալի եւ Զուքի քաղաքապետ Էլի Պաայնոյի հետ:
Քախիային կ՛ընկերակցէին ֆետերասիոնի անդամներ Ղազի Պուսթանի եւ Թոնի Խալիլ, ինչպէս նաեւ` Ղայեաս Տիպրա:
Շրջագայելէ ետք մարզահամալիրին մէջ, որ կրնայ հիւրընկալել շուրջ 8 հազար հանդիսատես, Քախիա ըսաւ, որ անիկա կը նկատուի լաւագոյն դաշտը, որ օգոստոսին կրնայ հիւրընկալել Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը:
Նաուֆալ ըսաւ, որ ոչ մէկ արգելք կայ, որ այս ախոյեանութիւնը այդ համալիրին մէջ տեղի ունենայ, մանաւանդ որ անիկա առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի Լիբանանի մէջ: