Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 2019-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը, որ յայտնուեցաւ Է. խմբակին մէջ, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ռուսիան, Սերպիան, Աւստրիան, Մակեդոնիան եւ Ճիպրալթարը, յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը:
9 խմբակներուն առաջին դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը, մինչ երկրորդ դիրքը գրաւած 4 խումբեր կը պայքարին վերջին 2 տոմսերուն համար:
Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ եւ Սան Մարինոյի մէջ: