Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին գծով իր կատարած ճակատումին, Մանչեսթըր Եունայթըտ թէեւ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ, սակայն յաջողեցաւ հասնիլ աւարտական` նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան պահեստի մարզիկներուն հետ նստած էր:
Այլ գետնի վրայ, Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ իր կատարած ճակատումին, երէկ Պարսելոնա շրջանցեց քառորդ աւարտականը եւ 5-2 արդիւնքով յաղթելով Ռէալ Սոսիետատին, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը: Երթին եւս Պարսելոնա յաղթած էր:
Յայտնենք սակայն, որ Ռէալ Մատրիտ չկրցաւ Պարսելոնայի կատարածը ընել, որովհետեւ Սելթա Վիկոյի դէմ իր կատարած մրցումին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով դուրս մնաց, որովհետեւ երթին պարտուած էր (2-1):