Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը երէկ յաղթանակով սկսաւ Եւրոպայի 2018-ի ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի իր մրցումները, երբ 5-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Գերմանիան:
Հայրենի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ այսօր, Էսթոնիոյ դէմ:
Գերմանիոյ դէմ տեղի ունեցած երէկուան մրցումին, հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան, Սարգիս Մարգարեան, Գարեգին Մաշումեան, Սարօ Գալստեան եւ Սարգիս Նասիբեան:
Յաջորդ հանգրուան կը հասնին միայն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը: