Լոնտոնեան Արսենալի ֆրանսացի մարզիչ Արսեն Վենկեր որոշեց այս տարեշրջանի աւարտին հեռանալ ակումբէն, յայտնեց independent.co.uk կայքը:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի այս տարեշրջանի աւարտին եւ ան մտադիր չէ նորոգել այդ պայմանագրութիւնը, որովհետեւ ըստ անգլիական մամուլին, ան բաւական լաւ առաջարկ մը ստացած է Չինաստանէն: