«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին, Մանչեսթըր Եունայթըտ հիւրը պիտի ըլլայ Ռոսթովի:
Նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան Մանչեսթըր Եունայթըտի իր խմբակիցներուն հետ մեկնեցաւ Ռուսիա:
Երէկ, անգլիական ակումբի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ցարդ անորոշ է, թէ այս մրցումին Մխիթարեան պիտի խաղա՞յ, թէ՞ ոչ:
Նշենք, որ մկանային վնասուածքի պատճառով Մխիթարեան իր ակումբին կատարած վերջին երկու մրցումներուն չմասնակցեցաւ: