Տղոց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի նախկին դիրքը գրաւած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր նոր մրցանիշ մը հաստատեց «Էյ. Թի. Փի.»-ի 50 լաւագոյն թենիսմէններու ցանկին մէջ ընդգրկուելուն համար:
Այս շաբաթ 35 տարեկան ֆետերեր, որ 874-րդ անգամն ըլլալով ընդգրկուեցաւ «Էյ. Թի. Փի.»-ի շաբթուան լաւագոյն 50-ին մէջ, յաջողեցաւ գերազանցել ամերիկացի Ճիմի Քանըրսի մրցանիշը, յայտնեց Tennis.com կայքը:
Նշենք, որ վերջերս յստակացաւ, թէ յառաջիկայ 3 տարիներուն ընթացքին Ֆետերեր պիտի չաւարտէ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը: