Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը կազմակերպէ, 3×3 պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը` 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ (տղաք եւ աղջիկներ):
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել 1 յունուար 1999-էն 1 յունուար 2000-ի ծնունդ բոլոր մարզիկները:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է 100 ամերիկեան տոլար` իւրաքանչիւր խումբի համար (4 մարզիկ):
Անիկա տեղի պիտի ունենայ հանգրուանային ձեւով:
Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- 11 մարտ (հիւսիսի նահանգ) Մանար համալսարանին մէջ, Թրիփոլի: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ` 10 մարտ:
Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- 18 մարտ (հարաւի նահանգ), Նեպիհ Պըրրիի համալիր, Սարաֆանտ: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ` 15 մարտ:
Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- 26 մարտ (Պեքաայի նահանգ), Անթունիէ վարժարան, Զահլէ: Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ` 24 մարտ:
Դ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- 8 ապրիլ (Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի նահանգներ), Սեն Ժոզեֆ համալսարան (Մանսուրիէ): Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ` 6 ապրիլ:
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.- 22 ապրիլ: Այս գծով մանրամասնութիւնները պիտի փոխանցուին յառաջիկային:
Ֆետերասիոնը նշեց, որ յաղթականները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 26-28 մայիսին Մալեզիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ազգային խումբերու ախոյեանութեան:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հետ` հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 04-722023 եւ 04-722024: