«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Գերմանիա եւ Թուրքիա հանդիսացան միակ երկիրները, որոնք առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` հիւրընկալելու Եուրօ-2024-ը:
3 մարտը վերջին պայմանաժամ ճշդուած էր:
Դանիա, Նորվեկիա, Շուէտ եւ Ֆինլանտա, որոնք կ՛ուզէին միացեալ թեկնածութիւն առաջադրել, չշարունակեցին իրենց ճիգերը:
Գերմանիա եւ Թուրքիա մինչեւ ապրիլ 2018 իրենց թղթածրարները ամբողջացնելով պէտք է ներկայացնեն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որ նոյն տարուան սեպտեմբերին պիտի յայտարարէ հիւրընկալ երկրին անունը:


