Պայէրն Միւնիխին մաս կազմող սպանացի միջազգային նախկին միջնապահ Խապի Ալոնսօ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ այս տարեշրջանի աւարտին պիտի աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Նշենք, որ Գերմանիոյ ախոյեանին հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2016-2017 տարեշրջանի աւարտին:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է բազմաթիւ տիտղոսներու, իր ակումբէն բացի Ռէալ Մատրիտի, Լիվըրփուլի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: