Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած նիստերէն մէկուն ընթացքին 3 մրցումով կախակայեց Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչը:
Ան կախակայուեցաւ, որովհետեւ Փորթցմաութի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին (27-րդ հանգրուան) արմուկով հարուածած էր մրցակից կազմի մարզիկ Թէյրոն Մինքսը: Սակայն հարուածը վրիպած էր օրուան կեդրոնի իրաւարար Քեւին Ֆոլանտի ուշադրութենէն:
Իպրահիմովիչ, որ տուգանք ալ պիտի վճարէ, պիտի բացակայի Չելսիի, Միտըլզպորոյի եւ Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիընի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն: