Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 16 տարեկանէն վար ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականը 11 եւ 13 մարտին բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Մակեդնիոյ մէջ` իր հասակակիցներուն դէմ:
Նշենք, որ 6 մարտին հաւաքականը մարզական հաւաքի մը սկսաւ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Առաքելեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկներն են.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Յարութիւն Մելքոնեան, Գուրգէն Աւետիսեան եւ Նարեկ Պօղոսեան:
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.– Արտակ Ասատրեան, Կարէն Մուրատեան, Հենրիկ Համբարձումեան, Արման Ղազարեան, Կարապետ Յարութիւնեան եւ Ռոման Մուրատեան:
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Նարեկ Գրիգորեան, Արսէն Գիւլամբարեան, Գրիգոր Յովհաննիսեան, Գարիկ Կարապետեան, Սերկէյ Մկրտչեան, Կարէն Սողոմոնեան, Նարեկ Աղասարեան եւ Պատուական Աւետիսեան:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Գրենիկ Պետրոսեան, Ժիրայր Շաղոյեան, Էմիլ Պետրոսեան եւ Արամ Քոլոզեան: