
Երէկ առաւօտուն Լիբանանի դահուկարշաւի մէկ պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Շուէտ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 11-15 մարտին տեղի ունենալիք կրտսերներու աշխարհի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի հաշուապահ Ռոպեր Էտմոն Քէյրուզ, մարզիկներն են` Թարա Նասսար, Սարա Լէոն, Էտուին Շարափիէ, Թարեք Մունլա եւ Սեզար Առնուք, իսկ անոնց մարզիչները` Պոզիլա Լուիս եւ Փրիս Տեքօ:


