
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 1-16-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ Ռուսիոյ մէջ հիւրը եղաւ Ռոսթովի, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:
Մրցումին հաշիւը 35-րդ վայրկեանին բացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իր այս կոլին փոխանցումը ստացաւ Զլաթան Իպրահիմովիչէն:
Մխիթարեան, որ վերջին երկու մրցումներէն բացակայած էր վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, 67-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Անթոնի Մարթիալով:
Ռոսթով իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 53-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի հաւաքականի խմբապետին նշանակած այս կոլը եղաւ շատ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ ան այսպիսով կրկնեց Ուէյն Ռունիի մրցանիշը, որ Մանչեսթըրի հետ մարտ 2010-ին եւրոպական մրցաշարքերու գծով յաջորդաբար երեք մրցումի ընթացքին կոլ նշանակած էր:
Նշենք, որ Մխիթարեան իր նախորդ երկու կոլերը նշանակած էր Սենթ Էթիենի եւ Զարյայի դէմ: