Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը կը մրցի Հուփսի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 15:00-ին:
Քաջալերելու համար իրենց խումբը` ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է մեկնին դաշտ եւ ներկայ գտնուին այս հանդիպումին:


