Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը իր մրցումը կը կատարէ Ժիպէյլի մէջ, ուր հիւրը կ՛ըլայ Պիպլոսի: Այս մրցումը, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, ցարդ իր կատարած մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրած է 13 յաղթանակ եւ կրած մէկ պարտութիւն:
Պարագլուխի իր դիրքը ամրապնդելու համար, ՀՄԸՄ պէտք է ամէն գնով յաղթական վերադառնայ Ժիպէյլէն:
Այս մրցումէն բացի, նախքան յաջորդ հանգրուանի մրցումներուն սկսիլը, ՀՄԸՄ երեք այլ մրցում ալ ունի կատարելիք` յաջորդաբար Հուփսի, Ռիատիի եւ Շանվիլի դէմ:
Նշենք, որ 16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ Ռիատի, որ հիւրընկալեց Մութթահետը, 86-77 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Նշենք, որ վաղը` կիրակի, 12 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Լուէյզի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մէյրուպան: