Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 11 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Հուտա խումբին դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անսարի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


