Հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 12 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ակումբին մէջ (Զոքաք Պլաթ) տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Արձանագրութեան համար կապուիլ «Ուաթց Ափ»-ով` հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-300166, 70-961948 եւ 70-677955:
Մասնակցութեան սակ ճշդուած է տասը ամերիկեան տոլար, իսկ արձանագրութեան վերջին ժամկէտ ճշդուած է ուրբաթ, 10 մարտի երեկոյեան ժամը 20:00-ը: