Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Սպանիոյ 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա կրեց անսպասելի պարտութիւն մը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Տեփորթիւօ Քորունայէն: Լուիս Սուարեզ նշանակեց Պարսելոնայի կոլը (46-րդ):
Իր կրած այս պարտութենէն ետք Պարսելոնա պարագլուխի իր դիրքը զիջեցաւ Ռէալ Մատրիտին, որ երէկ գիշեր 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռէալ Պեթիսին, 2 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Պարսայի վրայ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (41-րդ) եւ Սերճիօ Ռամոս (81-րդ) նշանակեցին Ռէալ Մատրիտի կոլերը` 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: