
Տղոց աշխարհի թենիսի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող անգլիացի Էնտի Միւրէյ, Ինտիըն Ուելզի միջազգային բաց մրցաշարքին, 4-6 եւ 6-7 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Վաշեք Փոսփիշիլիէն դուրս մնաց:
Բ. հանգրուանին արգելքը չյաղթահարեց նաեւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը` Կարէն Խաչանով: 20 տարեկան մարզիկը, որ ճակատեցաւ 12-րդ դասուած պելճիքացի Տաւիտ Կոֆենի դէմ, 4-6, 6-3 եւ 3-6 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն:
«ATP»-ի դասաւորման մէջ 52-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով առաջին անգամն ըլլալով է, որ կը մասնակցի այս մրցաշարքին: