
Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի խրուաթ միջնապահ Իվան Ռաքիթիչ ստորագրեց նոր պայմանագրութիւն մը:
28 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2021: Իսկ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 125 միլիոն եւրօ:
2014-ի ամրան Պարսելոնայի (Սեւիլլայէն միացած Ռաթիքիչի նախկին պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2019-ի ամառը:
Ան Պարսայի հետ 145 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 23 կոլ:


