Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան եւ աղջկանց հաւաքականի անդամ Էլինա Դանիէլեան կը մասնակցին ճատրակի Եւրոպայի ակումբներու տղոց 41-րդ եւ աղջկանց 30-րդ մրցաշարքերուն:
Մրցաշարքերը տեղի կ՛ունենան Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ: Հայկ Մարտիրոսեան հանդէս կու գայ Ռումանիոյ «Սուփըր Չես Ռոմենիա» ակումբին հետ, մինչ Էլինա Դանիէլեան` Լիւքսամպուրկի «Սէ Կամպեթ Պոնվուա» ակումբին հետ:
Հայկ Մարտիրոսեան կարելի 3 կէտերէն ձեռք ձգած է 2,5 կէտ, իսկ Դանիէլեան կարելի 4 կէտերէն առաւելագոյն 4-ը:
Մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ հայ վարպետ Սերկէյ Մովսիսեան, որ Չեխիոյ «Սիկիլ Ֆանտ Փարտուպիցէ» ակումբէն կը խաղայ եւ կարելի 4 կէտերէն կրցած է շահիլ 2,5 կէտ:
«Սուփըր Չես Ռոմենիա» ակումբը կը գրաւէ 2-րդ դիրքը Ալքալոյտի նման 4 կէտերով, մինչ Լիւքսամպուրկի ակումբը` «Սէ Կամպեթ Պոնվուա» կը գրաւէ աղջկանց առաջին դիրքը` 8 կէտերով 2 կէտերու առաւելութիւն ունենալով իր ամէնէն մօտ մրցակիցին վրայ:


