Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցաւ «ՌԱՖ 14» մրցաշարքը, որուն ընթացքին «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի թիւ 2 դասուած հայ մարտիկ Արման Ծառուկեան նուաճեց «Ռիլ Ամերիքըն Ֆրիսթայլ» կազմակերպութեան միջին կշիռի ախոյեանի գօտին:
Հայ մարտիկը կանուխ աւարտեց ամերիկացի Տիլըն Տենիսի դէմ մենամարտը: Առաջին ռաունտին արդէն Ծառուկեան 10-0 արդիւնքով յառաջացաւ` մրցակիցին պայքարելու ոչ մէկ կարելիութիւն ընձեռելով: Յատկանշական է, որ գօտեմարտի աւարտին Ծառուկեան իր ոտքը դրաւ ամերիկացի մրցակիցին վրայ, որ օր մը առաջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ զանգուածային ծեծկռտուքի պատճառ դարձած էր: Արդարեւ, Տիլըն Տենիս վարկաբեկած էր Ծառուկեանի մտերիմ ընկերը` Խամզաթ Չիմայեւը` անոր շապիկին վրայ զետեղելով անոր նկարն ու տակը անբարոյ նախադասութիւն գրելով: Ծառուկեան անմիջապէս յարձակած էր Տենիսի վրայ, բայց ապահովութեան ծառայութեան աշխատակիցները անմիջապէս իրարմէ հեռացուցած էին երկու մրցակիցները:
Ի վերջոյ ամէն ինչ հանդարտելէ ետք իրաւարարը իրար մօտ բերաւ երկու մրցակիցները, որոնք իրար ձեռքերը սեղմելէ ետք հեռացան:
Այս տպաւորիչ յաղթանակին շնորհիւ Արման Ծառուկեան արժանացաւ կազմակերպութեան ախոյեանութեան գօտիին: Այժմ Ծառուկեան ՌԱՖ-ի գծով 7 յաղթանակ ունի 1 պարտութեան կողքին, որ կրած էր Քոլպի Քովիկթընէն:
Նշենք, որ նոյն մրցաշարքի մրցումներուն ընթացքին, Խամզաթ Չիմայեւ 11-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց «Եու. Էֆ. Սի.»-ի նախկին ախոյեան Ռոպի Լոլըրը:


