Հայ մարմնամարզիկ Համլեթ Մանուկեան պատմական յաջողութեան հասաւ Նետերլանտներու մէջ (Ռոթերտամ) տեղի ունեցող 2026-ի մարզական մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան:
19 տարեկան մարզիկը ոսկիէ մետալ նուաճեց նժոյգ թափերու մարզաձեւին` դառնալով անկախ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը, որ յաջողեցաւ աշխարհի ախոյեան դառնալ այս մարզաձեւին մէջ:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած աւարտական հանգրուանը հայկական մարմնամարզութեան համար վերածուեցաւ իսկական յաղթական հանդէսի: Հայաստանէն երկու ներկայացուցիչներ բարձրացան պատուոյ հարթակ: Համլեթ Մանուկեան ոսկի մետալ նուաճեց` հաւաքելով 15.300 կէտ, իսկ 19 տարեկան Մամիկոն Խաչատրեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր` ստանալով 15.000 կէտ:
Մանուկեան փայլուն ելոյթ ունեցաւ` իրաւարարներէն ստանալով 5.900 կէտ` բարդութեան եւ տպաւորիչ ելոյթին համար, իսկ 9.400 կէտ` կատարման համար: Ան առաջ անցաւ իտալացի Կապրիելէ Թարկեթթայէն, որ 15.233 կէտ ստանալով շահեցաւ արծաթ մետալ: Մանուկեան կրնայ ընտրուիլ աշխարհի ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիկը, մանաւանդ որ առաջին հանգրուանին 14.933 կէտ հաւաքած էր` բարձրագոյն կէտերը հաւաքելով զտումի մրցումներէն իսկ:
Հայկական մարզական պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ նժոյգ թափի մարզաձեւի մեծերու մրցաշարքին աշխարհի ախոյեան կը դառնար հայ մարմնամարզիկ մը:
Համլեթ Մանուկեան 2025-ին կրցած էր դառնալ Եւրոպայի ախոյեան` Լայփցիկի (Գերմանիա) մէջ, նախապէս 2 անգամ պատանիներու աշխարհի ախոյեան դառնալէ ետք:
Վերջին անգամ մարզական մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան 2022-ին Արթուր Դաւթեան Լիվըրփուլի մէջ դարձած էր յենացատկի աշխարհի ախոյեան` անկախ Հայաստանի առաջին ոսկի մետալը նուաճելով աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին:
Օղակներու մարզաձեւին, հայ մարմնամարզիկ Արթուր Աւետիսեան պրոնզէ մետալ մը նուաճեց` 14.233 կէտ հաւաքելէ ետք: Աւետիսեանի այս պրոնզէ մետալը եւս Հայաստանի պատմութեան առաջին մետալն է աշխարհի ախոյեանութեան գծով, այս (օղակներու) մարզաձեւին մէջ:
Աշխարհի ախոյեան դարձաւ չինացի Լան Սինյույ, որ 14.766 կէտ հաւաքեց, մինչ յոյն Էլեֆթերիոս Փեթրունիաս 14.333 կէտ հաւաքելով նուաճեց արծաթէ մետալը: Փեթրունիաս Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիրն էր:
Երէկ գիշեր Արթուր Դաւթեան յենացատկի մրցումներուն 14.850 կէտ ձեռք ձգելով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:
Ճէյք Ճարմըն (Բրիտանիա) 14.650 կէտ ձեռք ձգեց եւ դաձաւ արծաթ մետալակիր, մինչ նորվեկիացի Սեպասթիան Սփոնեվիք գրաւեց 3-րդ դիրքը` 14.366 կէտերով:
Լիվըրփուլի (2022) մէջ ոսկի մետալ շահելէ ետք Ռոթերտամի յաջողութիւնը Դաւթեանի համար մեծ նուաճում էր անցեալ տարուան արծաթ մետալէն ետք:


