Լիբանանեան պասքեթպոլի խումբերը շարունակեցին փայլուն արդիւնքներ արձանագրել արաբական թէ ասիական մրցաշարքերու ընթացքին:
Արդարեւ, Ղազիրի «Անթուան Շուէյրի»-ի անուան դաշտին վրայ, Սաժես հիւրընկալելէ ետք Արաբական ակումբներու 38-րդ ախոյեանութիւնը, աւարտականին 84-74 արդիւնքով յաղթեց Իթթիհատ Ահլի Հալէպ ակումբին:
Այս տիտղոսը Սաժեսի 3-րդն էր իր պատմութեան ընթացքին եւ առաջինը` 1999-էն ետք: Պէտք է ըսել, որ Սաժես 2004-էն ի վեր չէր կրցած շահիլ միջազգային որեւէ տիտղոս` վերջինը ըլլալով Ասիական ակումբներու տիտղոսը այդ տարպուան (2004) ընթացքին, Լիբանանի ախոյեան ալ դառնալէ ետք:
Սաժեսի լաւագոյն մարզիկն էր Տեշանտրէ Ուաշինկթըն, որ 23 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց, մինչ Ժամալ Ճոնզ (18 կէտ), Քարիմ Իզզէտտին (14 կէտ), Եուսեֆ Խայեաթ (12 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր (10 կէտ) բաւական լաւ ելոյթներ ունեցան:
Ասիկա մարզիչ Ճօ Ղաթթթասի առաջին տիտղոսն էր Սաժեսի հետ, մինչ սուրիական խումբին մարզիչն ալ լիբանանցի Ժատ Հաժն է, որ նախապէս Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազգային խումբը կը մարզէր:
Միւս կողմէ, Լիբանանի եւ Ուասլի ախոյեան Ռիատի իր կարգին կրցաւ շահիլ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցող Շապապ Ահլիի կազմակերպած միջազգային մրցաշարքը` աւարտականին յաղթելէ ետք լիբանանեան Անթունիէ խումբին` 95-76 արդիւնքով:
Անթունիէ, որ շատ լաւ ելոյթներ ունեցաւ այս մրցաշարքին առաջին մասին, 25-23 արդիւնքով յառաջանալէ ետք չկրցաւ զսպել իր մրցակիցը, որ շատ աւելի փորձառու էր եւ 28-17 արդիւնքով յաղթեց Բ. մասին: Բ. կիսախաղին Անթունիէ չկրցաւ մօտենալ Ռիատիի, որ տարուան իր 3-րդ տիտղոսը ձեռք ձգեց:
Ինչպէս նկատեցինք, Ուասլի աւարտականին ալ երկու լիբանանեան խումբեր հասած էին (Ռիատի եւ Սաժես), եւ այս մէկը փաստ մըն է լիբանանեան պասքեթպոլի յառաջդիմութեան: Նշենք, որ այս շաբաթավերջին պիտի սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը 11 խումբերով` նկատի ունենալով, որ Թատամոն Հարաժել նախընտրած է չմասնակցիլ եւ ինկած է Բ. դասակարգ:


