Երեւանի Արարատ-Արմենիա խումբը իր յաջորդական երրորդ պարտութիւնը կրեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Եուրոփա լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն: Փորթուգալցի մարզիչ Մանուէլ Թուլիփայի տղաքը 4-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին Նետերլանտներու Ա. Զ. Ալքմարի դէմ մրցումին:
Ալքմար 2-ական կոլեր նշանակեց երկու կիսախաղերուն: Պրազիլցի Ուեսլի Փաթաթի (2) դանիացի Վալտըմար Պիսքով եւ նետերլանտցի Մեքս Մերտինք նշանակեցին կոլերը:
Պէտք է ըսել, որ առաջին կիսախաղին շատ ձախող ելոյթէ մը ետք, Արարատ Արմենիա շատ բարելաւեց իր խաղաձեւը` Բ. կիսախաղին ստեղծելով լուրջ առիթներ:
Շատ աշխուժ կիսախաղ մը ունեցան Ժիրայր Շաղոյեան եւ Արթուր Սերոբեան:
Արարատի մարզիկները պահ մը գնդակը դպցուցին Ալքմարի բերդի սիւնին, եւ բերդապահ Եարի Տէ Պուսեր երկու անգամ ալ ստոյգ առիթներ զսպեց:
73-րդ վայրկեանին 4 փոխարինումներ կատարելէ ետք Արարատ Արմենիա փորձեց աւելի լաւ առիթներ ստեղծել թարմ մարզիկներով, բայց «հիւր»-երը 2 կոլեր եւս նշանակեցին:
Նախապէս Հայաստանի ախոյեանը Սփորթա Փրակայի (1-4) եւ Եակելոնիայի (1-3) դէմ մրցումներուն պարտուած էր եւ գրաւած «Եուրոփա լիկ»-ի 36-րդ եւ վերջին դիրքը:
Այլ մրցումի մը ընթացքին, Ռէալ Սոսիետատ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նորվեկիոյ Լիլշթրոմ ակումբը` վերջինիս դաշտին վրայ:
Ռուսահայ միջնապահ Արսէն Զախարեան 73-րդ վայրկեանին փոխարինեց Լուքա Սուչիչը, որ երկու կոլ նշանակած էր եւ 7 վայրկեան ետք գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց փակելով Սոսիետատի կոլերու հաշիւը 6-ի վրայ:
2 կոլ ալ նշանակած էր յետսապահ Սերխիօ Կոմես:


