«Չեմփիընզ լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան երկրորդ օրուան մրցումներուն, Պայերն Միւնիխ 1 կոլով ետ մնալէ ետք կրցաւ 2 կոլ նշանակել Արսենալի բերդին մէջ, բայց Տեքլան Ռայս կրցաւ նշանակել 2-րդ կոլը եւ հաւասար աւարտել մրցումը` Միւնիխի մէջ:
Հերի Քէյն էսիսթ կատարեց (Ալֆոնսօ Տէյվիսին) եւ փենալթիով կոլ մը նշանակեց ի նպաստ Պայերնի, որմէ կը բացակայէին Եոշուա Քիմիչ (հայրը մահացած էր), Մայքըլ Օլիսէ (կարմիր քարտ ստանալէ ետք պատժուած) եւ Լուիս Տիաս (որ թեթեւօրէն վիրաւոր էր), մինչ Ժամալ Մուսխալա տակաւին վիրաւոր էր:
Արսենալէն կը բացակայէր Ուիլիամ Սալիպա, որ Ֆրանսայի դէմ 3-րդ դիրքի Մոնտիալի մրցումին վիրաւորուած էր:
Ասթոն Վիլա իր 3-րդ յաջորդական մրցումը յաղթեց (3-1) Վայքինկի դէմ, մինչ անգլիական պատմական խումբերէն Մանչեսթըր Եունայթըտ շատ վատ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ Իտալիոյ մէջ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Քոմոյէն: Ինթեր Միլան 10 մարզիկներով 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Շախթիոր Տոնեցքի դէմ:
Հենրիխ Մխիթարեան 75-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ եւ 2 վայրկեան ետք Քարլոս Աուկուսթոյի կոլին փոխանցումը կատարեց` փրկելով Ինթերը, որ իր նախկին երկու մրցումներուն պարտուած էր:


