Այսօր պաշտօնապէս կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութիւնը, ուր Սանթրալ պիտի հիւրընկալէ «Էն. Էս. Էյ.»-ը երեկոյեան ժամը 21:45-ին:
Վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին Անդրանիկ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ի նորակազմ խումբը:
Այս տարի խումբը մեծ մասամբ երիտասարդներով կազմուած պիտի ըլլայ` գլխաւորութեամբ ամերիկացի մարզիչ Ռիքի Քլիվլենտի:
Խումբի միջին հաշուով 24 տարեկան անդամներուն մաս կը կազմեն Փիթըր Տեքիրմենճեան (23 տարեկան), Ռաֆայէլ Ճուլճեան (20 տարեկան), Վարագ Քէօշէեան (29 տարեկան), Քեւըն Պիրեճիքլեան (23 տարեկան), Քարիմ Օուայտեթ (20 տարեկան), Օմար Եունես (20 տարեկան), Տիմիթրի Նատեր (23 տարեկան), Նարեկ Շաննաքեան (23 տարեկան), Կարէն Խալոյեան (24 տարեկան), Ճիմի Նախլէ (26 տարեկան) եւ Քարլ Զալում (35 տարեկան):
Խումբին օտար մարզիկներն են Շոնսի Քոլինզ, Մերվին Ճէյմս եւ Սիտիքի Քոնէ:
Յոյսով, որ խումբին անդամները շուտ շաղուին իրարու հետ եւ օտարներու գլխաւորութեամբ դրական արդիւնքներ արձանագրեն:
Նշենք, որ Թատամոն Հարաժել նախընտրեց չմասնակցիլ այս տարեշրջանի ախոյեանութեան, եւ այդ պատճառով ալ մրցումներուն յայտագիրը փոփոխութիւններ կրեց:


