Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կազմակերպեց Լիբանանի կէս մարաթոնի 2026-ի ախոյեանութիւնը, «Ֆուատ Շեհապ»-ի անուան մարզահամալիրէն սկսելով մինչեւ Մաամելթէյն («Օսքար» պանդոկին մօտ) 21,1 քմ երկարութեան վրայ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան բոլոր մրցումները տղոց թէ աղջկանց ամբողջական տարիքային բաժանմունքներով, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ 250 աթլեթներ, որոնք 13 ակումբներ կը ներկայացնէին:
65-էն 69 տարեկաններու մրցումին Բ. դիրքը գրաւեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վեթերան աթլեթ Յակոբ Առաքելեան, որ 2 ժամ 14 վայրկեան եւ 10 երկվայրկեան ժամանակ արձանագրեց:
Կար նաեւ մարզիկ մը` Ատել Արաքժի, որ Արզ ակումբը կը ներկայացնէր եւ 80 տարեկանէն վեր ոսկի մետալ շահեցաւ:
Աղջկանց մրցումներու 40-էն 44 տարեկաններու Բ. դիրքը շահեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի մարզիկ Հանատի Խալաֆ:


