Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով շատ դժուար յաղթանակ մը տարաւ Ղազախստանի Ալմա Աթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Էյ. Թի. Փի.» 250 մրցաշարքի Բ. հանգրուանին եւ հասաւ քառորդ աւարտական:
30 տարեկան Խաչանով, որ թիւ 25 թենիսմենն է այժմ, կը մրցէր չեխ Տոմաշ Մախաչի դէմ (թիւ 72): Մրցումը տեւեց 2 ժամ 32 վայրկեան, Խաչանով կրցաւ յաղթել 6-2, 4-6 եւ 7-6 (9-7) արդիւնքով:
Առաջին սեթին բաւական դիւրին յաղթելէ ետք (41 վայրկեան), Խաչանով երկրորդ սեթը կորսնցուց 43 վայրկեաններու ընթացքին (6-4): Վերջին սեթը եղաւ շատ վճռական եւ երկարեցաւ միայն թայ պրէյքով վճռուելով:
Մրցումը վերջին սեթին ամէն ինչ բնական կ՛ընթանար, մինչեւ 12-րդ խաղը, որուն ընթացքին Խաչանով սերվիս սկսաւ տալ 6-5 արդիւնքով, երբ ետ կը մնար:
40-40 ըլլալէ ետք արդիւնքը, Կարէն Խաչանով 4 անգամ մեչ փոյնթ փրկեց եւ ի վերջոյ շահեցաւ կէտը 9 անգամ հաւասարելէ ետք: Թայ պրէյքին ան իր կարգին մեչ փոյնթ կորսնցուց, երբ 5-6 արդիւնքով կը յառաջանար, որմէ ետք Մախաչ յառաջացաւ 7-6 եւ մեչ փոյնթ մը եւս ունեցաւ: Կարէն Խաչանով փրկեց զայն յաղթելով մնացեալ 3 գնդակներն ու մրցումը:
Անոր մրցակիցը (քառորդ աւարտականին) պիտի ըլլայ թիւ 19 թենիսմեն Ալեքսանտր Պուպլիքը (Ղազախստան), որ առանց մրցելու Ֆապիան Մարոժանի դէմ (թիւ 64), հասաւ քառորդ աւարտական: Մարոժան ցաւ ունէր եւ քաշուեցաւ մրցաշարքէն:


