Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը 1990-ականներէն սկսեալ դարձաւ Անգլիոյ ամէնէն զօրաւոր ակումբներէն մէկը, շնորհիւ Ալեքս Ֆերկըսընի վարած քաղաքականութեան: Շատեր դրական, շատեր ալ ժխտական կարծիք ունէին «կարմիր սատանաներ»-ուն եւ Ալեքս Ֆերկըսընի նկատմամբ, բայց պէտք է ընդունիլ, որ ան 27 տարուան ընթացքին 13 անգամ շահած է «Փրեմիեր լիկ»-ը, 5 անգամ` «Էֆ. Էյ. Քափ»-ը (Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակ), 4 անգամ` Լիկայի բաժակը, 11 անգամ` «Չերիթի Շիլտ»-ը (գերբաժակը), երկու անգամ` «Չեմփիընզ լիկ»-ը (1999-2008), Բաժակակիր խումբերու բաժակը (1991), «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գերբաժակը (1991), ՖԻՖԱ-ի միջցամաքամասային բաժակը (1999) եւ Ակումբներու մոնտիալը (2008-ին):
2005-էն սկսեալ խումբը ձեռք ձգած էր Կլէյզըր ընտանիքը, որ մինչեւ օրս 71 տոկոսը ունի Եունայթըտի բաժնետոմսերէն, բայց ֆութպոլի բաժինը կը վարէ Ճէյմս Ռեթքլիֆ (2023-էն ի վեր), որ ունի բաժնետոմսերուն 28,94 տոկոսը:
Ֆերկըսընի ասպարէզի աւարտէն ետք (2013), Եունայթըտ հետզհետէ կորսնցուց իր նախկին ուժը եւ վերջերս շատ վատ ժամանակաշրջան կ՛անցընէ:
Տէյվիտ Մոյես, Ռայըն Կիկզ, Լուիս Վան Կաալ, Ժոզէ Մուրինիօ, Օլէ Կիւնար Սոլսքիար, Մայքըլ Քերիք, Ռալֆ Ռանկնիք, Էրիք Թեն Հաակ, Ռուտ Վան Նիսթըլսրոյ, Ռուպեն Ամորիմ, Տերըն Ֆլեթչըր եւ անցեալ եղանակի կէսերէն Մայքըլ Քերիք փորձեցին գլխաւորել Եունայթըտը, բայց բոլորն ալ մեծ մասամբ ձախողեցան:
Շատեր կ՛այպանեն Կլէյզըր ընտանիքը, ուրիշներ` Ռիթքլիֆը, իսկ ոմանք ալ` մարզիչները: Իրականութեան մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին մարզիկներն ալ, որոնք այժմ մասնագէտ վերլուծաբաններ եղած են, կը կարծեն, թէ մարզիչը այնքան ալ յանցաւոր չէ, այլ խումբին մէջ մարզիկներու որակի պակասն է, որ թիւ 1 պատճառն է այս նահանջին:
Այժմ ակումբը կը գտնուի «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման Բ. մասին մէջ, մինչ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 3 հանգրուաններէն ետք կը գրաւէ 20-րդ դիրքը… 3 կէտերով, խումբին վերջին յաղթանակն ալ «Չեմփիընզ լիկ»-ին մէջ էր, այդ ալ 10 սեպտեմբերին` Պաքուի Սապահ խումբին դէմ:
Այժմ կայ մարզիչներու ցանկ մը, եւ իբրեւ թէ անոնցմէ մէկը պիտի ըլլայ Քերիքը փոխարինողը: Ունայ Էմերի, Եուլիան Նակըլզման, Էտի Հաու եւ Անթոնիօ Քոնթէ գլխաւոր թեկնածուներն են:
Ըստ «Աթլեթիք» կայքին, Էմերի, Նակըլզման, Հաու եւ Քոնթէ նկատի առնուած են: Ըստ ակումբին մօտ մարդոց, Հաու կրնայ ամէնէն լաւ թեկնածուն ըլլալ: Ան Նիւքեսըլ ակումբը երկու անգամ կրցաւ «Չեմփիընզ լիկ» հասցնել եւ ակումբին հետ նուաճեց Լիկայի բաժակը 2025-ին, 56 տարի առանց տիտղոսի մնալէ ետք:
Նակըլզմանի անունը շատ կը նշուի ակումբին մէջ, բայց Քոնթէի անունը պարզապէս նշուած է, սակայն նոյնքան լուրջ չէ:
Բոլորը գիտեն, թէ Քոնթէ որքա՛ն կրնայ պահանջել ղեկավարութենէն, որ կրնայ մեծ թիւով նոր մարզիկներ ձեռք ձգել:
Նոյն տիպի մարզիչ մըն է Էմերի, որուն ղեկավարելու ոճը որքանո՛վ կրնայ հաւանութիւն ստանալ Ռեթքլիֆէն, յստակ չէ:
Եթէ Քերիք աւելի դրական արդիւնքներ ձեռք ձգէ յաջորդող մրցումներուն, արդեօք պիտի փակուի՞ զինք նոր մարզիչով փոխարինելու այս էջը, կամ նոր մարզիչի նշանակումը ինչքա՞ն կրնայ փոխել խումբին արդիւնքները… նոյն մարզիկներով:


