Նասր ակումբի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ անգամ մը եւս մրցանիշ հաստատեց, բայց այս անգամ` նիւթական գետնի վրայ: Ըստ «Ֆորպս»-ի փորթուգալցի յառաջապահը դարձաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որուն վաստկած գումարը հասաւ 2 միլիառ ամ. տոլարի:
Կը նշուի, որ խօսքը միայն ակումբներու հետ կնքուած պայմանագիրներով նախատեսուած աշխատավարձին մասին չէ, այլ նաեւ ֆութպոլիստի եկամուտի մնացած բոլոր աղբիւրներուն (ծանուցումներ, հովանաւորական պայմանագիրներ, վաճառականական նախագիծեր) մասին է:
Յիշեցնենք, որ 41 տարեկան Ռոնալտոյի գործող պայմանագիրին ժամկէտը Նասրի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2026-2027 տարեշրջանի աւարտը: Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին անոր ակումբը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ֆայսալը, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Այդ մրցումին փորթուգալցի մարզիկը իր ասպարէզի 982-րդ կոլը նշանակած էր իր անձնական մրցանիշը բարելաւելով:
Նասր 2 կէտով ետ կը մնայ Հիլալէն եւ կը գրաւէ Սէուտական Արաբիոյ դասաւորման Բ. դիրքը:
Իր կարգին, Էդուարդ Սպերցեան Ահլիի հետ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, երբ իր խումբը առաջնորդեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակի` Խալիժի դէմ:
Հայաստանի ազգային խումբի խմբապետ Սպերցեան 11-րդ վայրկեանին շատ գեղեցիկ էսիսթ մը տուաւ անգլիացի յառաջապահ Այվան Թոնիի, որ գլխու հարուածով նշանակեց Ահլիի առաջին կոլը:
Այս յաղթանակէն ետք Ահլի գրաւեց 5-րդ դիրքը` 21 կէտերով:


