Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հերթական նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 մարտ 2015-ին, «Շաղզոյեան»  կեդրոնին մէջ: Ժողովը քննեց Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական ընդհանուր վիճակը եւ լիբանանահայ գաղութը յուզող հիմնախնդիրները: Յատուկ օրակարգով, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին  առիթով կազմակերպուած աշխատանքները եւ յատկապէս 23-24 ապրիլ 2015-ին տեղի ունենալիք կեդրոնական ձեռնարկները` յանգելով համապատասխան որոշումներու:          

Ազդակ – Արարատ – Զարթօնքի  Բովանդակութեան Յատակագիծը

Ազդակ – Արարատ – Զարթօնքի Բովանդակութեան Յատակագիծը

Ապրիլ 24-ի օրը հրատարակուելիք ԱԶԴԱԿ - ԱՐԱՐԱՏ -ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ օրաթերթի բովանդակութեան յատակագիծը արդէն պատրաստ է` երեք օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու աշխատանքային  հանդիպումներէն բխած: Թիւը պիտի ունենայ միացեալ խմբագրական, որուն բովանդակային առանցքը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրի ճշդած հիմնադրոյթներուն վրայ: Իբրեւ առաջնորդող երեք յօդուածներ ստորագրութիւն պիտի ունենան հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պետական-քաղաքական գործունէութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վարած անուններ: Միացեալ...

Պէյրութի Մէջ Թրքական Մշակութային Կեդրոնի Տնօրէնը Իբրեւ Բողոք Հեռացաւ Սրահէն. «Հայկական Աշխարհը` Ցեղասպանութենէն  100 Տարի Ետք» Նիւթով Կլոր Սեղան`  «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի Կեդրոնին Մէջ

Պէյրութի Մէջ Թրքական Մշակութային Կեդրոնի Տնօրէնը Իբրեւ Բողոք Հեռացաւ Սրահէն. «Հայկական Աշխարհը` Ցեղասպանութենէն 100 Տարի Ետք» Նիւթով Կլոր Սեղան` «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի Կեդրոնին Մէջ

Երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտին, «Քառնըկի Ինտաումընթ ֆոր ինթըռնեշընըլ Փիս»-ի Պէյրութի մէջ գտնուող Միջին Արեւելքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք» խորագիրով կլոր սեղան մը, որուն զեկուցաբերներն էին «Քառնըկի»-ի աւագ գործակից, Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովու շրջաններու մասնագէտ Թոմաս Տը Վաալ եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, զրուցավարն էր «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի կեդրոնի աւագ...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտ 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, տեղի ունեցած ՀՄԸՄ - Պիպլոս խաղին ընթացքին պարզուած էր պաստառ մը, որուն վրայ արաբերէնով զետեղուած էր Ցեղասպանութեան հետ առնչուող երկտող մը: Այս պաստառը պատրաստուած էր Լիբանանի երիտասարդական միութեան կողմէ: Ինչպէս գիտենք, ներկայիս պասքեթպոլի խաղերը Լիբանանի երիտասարդութեան մօտ կարեւորագոյն մարզախաղերէն մէկն է եւ մեծ թիւով երիտասարդներ կը հետեւին խաղերուն` ներկայ գտնուելով անոնց...

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի  Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցին Առիթով

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Զօր. Աուն. «Անցեալի Ոճիրներու Ուրացումը  Թոյլ Տուաւ, Որ Ոճրամիտ  Ուժեր Գործեն Նորանոր Ջարդեր» Ժեմայէլ. «Միջազգային Ընտանիքը  Պարտաւոր Է Ճանչնալ Եւ Դատապարտել  Զանգուածային Բնաջնջման Բոլոր Գործողութիւնները Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդին, երկուշաբթի, 9 մարտ 2015-ին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Զուք Մուսպեհ, Լիբանան) հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակումի երեկոն` Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով: Սոյն...

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ.  Հին Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին  Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Հին Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 9 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 4:00-ին, զօրաւոր պայթում մը անգամ մը եւս ցնցեց Հալէպ քաղաքը: Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կատարուած պայթումը թիրախ դարձուց Հալէպի պատմական բերդի շրջանին մէջ գտնուող «Սուէյղա» շրջանը. պայթումին պատճառով ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներ արձանագրուեցան: Պայթումը երկրաշարժի զօրաւոր ուժգնութեամբ էր. քաղաքը ամբողջութեամբ ցնցուեցաւ, բնականաբար ցնցուեցան նաեւ հայահոծ թաղամասերը: Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու  Տարեկան Զոյգ Ձիւնագնացութիւնները

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Տարեկան Զոյգ Ձիւնագնացութիւնները

Վերջապէս հասաւ պատանիներուն շատ սիրած եւ սպասած պտոյտի օրը` ձիւնագնացութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբը յաջորդական երկու շաբաթներով կազմակերպեց զոյգ պտոյտներ` կրտսեր ու երէց պատանեկան միութիւններուն համար: Այսպէս, կիրակի, 1 մարտ 2015-ին, 150  կրտսեր պատանիներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն իրենց ակումբներուն մէջ կազմ ու պատրաստ, միասնաբար ուղղուեցան դէպի Զաարուր, ուր պատանեկան յատուկ խանդավառութեամբ անոնք զուարճացան ձիւնի խաղերով:...

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ.  «Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր  Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ. «Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան  քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար մը: Նախաձեռնութեան նպատակն էր շեշտել հայ երիտասարդին դերակատարութիւնը կազմակերպութիւններուն եւ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ կամաւոր ծառայութեան ունեցած դրական  ազդեցութեան` անհատներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ:  Սեմինարին մասնակցեցան հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժիններու 11-րդ եւ...

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ  15 Վարժարաններու.  Տեղի Ունեցաւ «Հրանդ Տինք»  Միջդպրոցական Շարադրութեան Ե. Մրցանքը

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ 15 Վարժարաններու. Տեղի Ունեցաւ «Հրանդ Տինք» Միջդպրոցական Շարադրութեան Ե. Մրցանքը

Հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին,  շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» լիբանանահայ միջդպրոցական շարադրութեան Ե. մրցանքը, որուն մասնակցեցան  8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու 39 աշակերտներ` լիբանանահայ 15 վարժարաններէ: Մրցանքը նուիրուած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրին` քաջարի հրապարակախօսին եւ յանձնառու հայուն, որ սպաննուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դատը պաշտպանելու իր մտաւորականի պայքարի ճամբուն վրայ` զոհ երթալով Թուրքիոյ մէջ անպատիժ...

Տարիա Խտըշեանի «Սքէյփ Թու Սփէյս» Ցուցահանդէսի Բացումը` Արուեստի Լիբանանեան Ակադեմիային Մէջ

Տարիա Խտըշեանի «Սքէյփ Թու Սփէյս» Ցուցահանդէսի Բացումը` Արուեստի Լիբանանեան Ակադեմիային Մէջ

Արուեստի լիբանանեան ակադեմիային (ԱԼՊԱ) եւ Պալամանտ համալսարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Տարիա Խտըշեանի «Սքէյփ Թու Սփէյս» ցուցահանդէսին բացումը` «Փոլիվանթ» սրահին մէջ: ԱԼՊԱ համալսարանի նախերէցը` Անտրէ Պեխազի յայտնեց, որ իրենց համար մեծ ուրախութիւն է ներկայացնել  քանդակագործ  Զաւէն Խտըշեանի դուստր, խոստմնալից երիտասարդ արուեստագէտ Տարիա Խտըշեանի գեղանկարչութիւնը` յայտնելով, որ Տարիան եղած է արուեստի լիբանանեան ակադեմիային առաջին...

Կիներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում ` «Էլ. Էյ. Եու.»  Համալսարանին Մէջ

Կիներու Միջազգային Օրուան Հանդիսաւոր Նշում ` «Էլ. Էյ. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին գործակցութեամբ, երէկ «Էլ. Էյ. Եու.» Պէյրութի համալսարանի «Իրվին» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը` «Տակաւին ո՛ւր ենք» կարգախօսը կրող ազգային արշաւին լոյսին տակ: Պաշտօնական հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ, նախկին Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի, վարչապետ Թամմամ Սալամի...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Ն. Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին.  Ռուբէն Սասունցիի «Սասնայ Երկիր»  Համերգ-Ներկայացումը Խանդավառեց Ներկաները

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին. Ռուբէն Սասունցիի «Սասնայ Երկիր» Համերգ-Ներկայացումը Խանդավառեց Ներկաները

«Հայկական ժողովրդային, հայրենասիրական եւ ազգագրական երգերը անքակտելի մասնիկներ են հայկական բազմադարեան մշակութային հարստութեան, այդ իսկ պատճառով, մեր ազգային լինելիութեան պայքարին ճամբուն վրայ անոնց պահպանումը եւ փոխանցումը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ»: Այս սկզբունքին հաւատալով` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց երգահանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 6 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` «Սասնայ երկիր»...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը

Քաակ եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, նաեւ անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան: Վերոյիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը պարզեց...

ՀՅԴ ԶՈՄ. Արցախի Ազատագրական Պայքարի 27-ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք

ՀՅԴ ԶՈՄ. Արցախի Ազատագրական Պայքարի 27-ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ Արցախի ազատագրական պայքարի 27-րդ տարեդարձին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց: Հրակ Գարագաշեան Աքասիա Փոլատեան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աքասիա Փոլատեան: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախեան գոյամարտը 20-րդ դարու անօրինակ, ցաւոտ ու հայ ժողովուրդին համար...

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին  Լսումներ` Սուրիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Լսումներ` Սուրիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Սուրիոյ Ազգային ժողովի շէնքին մէջ չորեքշաբթի, 4 մարտ 2015-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Քննարկուեցան հայ-սուրիական խորհրդարանական կապերը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ վարդապետ Ճորճ Պահի, դեսպանատան խորհրդական Վարդան Յովհաննիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան: Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած...

Միացեալ Յայտարարութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Իսլամական  Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի  Եւ Յարաբերութեանց Կազմակերպութեան

Միացեալ Յայտարարութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի Եւ Յարաբերութեանց Կազմակերպութեան

3-4 մարտ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աստուածաբանական երկխօսութեան 6-րդ նիստը` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ստորեւ` յիշեալ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը: Փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս մեզի առիթը ընծայեց կազմակերպելու մեր աստուածաբանական երկխօսութեան 6-րդ նիստը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Մեր...

«Ազդակ»-ի 88-Ամեակի  Իւրայատուկ Նշում

«Ազդակ»-ի 88-Ամեակի Իւրայատուկ Նշում

Այսօր` 5 մարտին, «Ազդակ»-ը կը թեւակոխէ իր 88-ամեակը` 8 տասնամեակները իր ուսերուն նայելով դէպի ապագայ: Հակառակ անցնող ժամանակին, ծերանալէ հեռու այս թերթը ո՛չ միայն կը փորձէ միշտ պահել իր երիտասարդութիւնը, այլ նաեւ մեծապէս կը հաւատայ երիտասարդութեան ներուժին, կարողականութեան եւ կառչած կը մնայ այն համոզումին, թէ երիտասարդ տարրերն են, որոնք պիտի ճշդեն մեր ապագայի դիմագիծը: «Ազդակ»-ի ունեցած այս հաւատքն ու համոզումը...

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան  Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցողներու  Մանկավարժական Կեդրոնի Բացումը

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցողներու Մանկավարժական Կեդրոնի Բացումը

«Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցողներու մանկավարժական կեդրոնի բացումը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 4 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ՔԱՀԼ-ի շէնքին մէջ: Կեդրոնի ժապաւէնը կտրելէն ետք, ներկաները այցելեցին բաժանմունքի ութ սենեակները, ապա հիւրերն ու ներկաները խմբուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ,...

Ազգագրական – Հայրենասիրական Երգերու  Մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի Այցելեց «Ազդակ»

Ազգագրական – Հայրենասիրական Երգերու Մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի Այցելեց «Ազդակ»

Երէկ` չորեքշաբթի, 4 մարտին, «Ազդակ» այցելեց հայրենի ազգագրական-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի: Ան Լիբանան հասած էր երեքշաբթի ուշ երեկոյեան: Ռուբէն Սասունցի Լիբանան կը գտնուի ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ ուրբաթ օր տեղի ունենալիք «Սասնայ երկիր» խորագրեալ համերգը ներկայացնելու համար: Ան այսօր իբրեւ հիւր երգիչ կը մասնակցի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած` հայոց բանակին նուիրուած զօրակցական հաւաքին: Այս առիթով...

«Պատմութեան Մէջ Արմատացած Քրիստոնեայ – Իսլամ Գործակցութեան Անհրաժեշտ Է  Նոր Արեւելում Եւ Ուժականութիւն Տալ»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Պատմութեան Մէջ Արմատացած Քրիստոնեայ – Իսլամ Գործակցութեան Անհրաժեշտ Է Նոր Արեւելում Եւ Ուժականութիւն Տալ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական մշակոյթի եւ յարաբերութեանց բաժանմունքին միացեալ ծրագրումով տեղի ունեցող համագումարին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու եւ գործակցութեան նոր ուժականութիւն տալու հրամայականը: Յիշեալ համագումարին ընդհանուր բնաբանն է «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն` ի խնդիր Միջին Արեւելքին մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման»: Վեհափառ...

Page 357 of 364 1 … 356 357 358 … 364

Արխիւներ