Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Յայտարարութիւն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի Եւ Յարաբերութեանց Կազմակերպութեան

March 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_iran-ant3-4 մարտ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աստուածաբանական երկխօսութեան 6-րդ նիստը` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Ստորեւ` յիշեալ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը:

Փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս մեզի առիթը ընծայեց կազմակերպելու մեր աստուածաբանական երկխօսութեան 6-րդ նիստը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Մեր հաւաքական խորհրդակցութեանց ու քննարկումներուն համար ճշդած էինք այժմէական եւ կարեւոր նիւթ մը` «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն` ի խնդիր Միջին Արեւելքին մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման»: Մեր աւանդութիւններուն, ուսուցումներուն եւ փորձառութիւններուն լոյսին տակ, տարբեր մօտեցումներով քննարկեցինք այս նիւթը` լուսարձակի տակ բերելով անկէ յառաջացող մարտահրաւէրները ներկայ ժամանակներու տագնապներուն դիմաց:

Մեր երկու կրօններուն ուսուցումներուն հիման վրայ հաստատեցինք, որ`

Ա) Խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւ է եւ խաղաղութեան բռնաբարումը մեղք է Աստուծոյ նկատմամբ, Բ) խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւը ըլլալով, արդար, համապարփակ եւ մնայուն է, Գ) խաղաղութիւնը արդարութեան պտուղն է, եւ արդարութիւն ու խաղաղութիւն սերտօրէն ընդելուզուած են, Դ) խաղաղութեան ու արդարութեան համար պայքարիլը քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն կոչումն է:

Այս յստակ հասկացողութեամբ շեշտեցինք, որ`

  1. Քրիստոնեաներու եւ իսլամներու համագործակցութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն է ամբողջ աշխարհի մէջ եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, հիմնուած` փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի վրայ:
  2. Վայրագութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ միացեալ պայքարը հրամայական է, որովհետեւ նման մտածելակերպեր ու արարքներ դէմ են մեր երկու կրօններու ուսուցումներուն:

Նկատի ունենալով, որ մեր ժողովը կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, մենք խստօրէն կը դատապարտենք Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ անցեալին թէ ներկայ ժամանակներուն գործադրուած ու գործադրուող բոլոր ցեղասպանութիւններն ու վայրագութիւնները` անհատներու, խմբակներու կամ պետութիւններու կողմէ: Ամէն ձեւի ու տարողութեան նման բռնարարքներ դէմ են մեր կրօններու ուսուցումներուն, սկզբունքներուն ու արժէքներուն եւ որեւէ պարագայի արդարանալի չեն:

Մենք կը շեշտենք կարեւորութիւնը «Աշխարհը ընդդէմ ծայրայեղականութեան եւ վայրագութեան» ծրագիրին, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը առաջարկած էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին:

Մեր երկխօսութիւնը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ մեզի առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ խաղաղ համագոյակցութեան եւ սերտ համագործակցութեան` ի խնդիր Միջին Արեւելքի մէջ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան վերահաստատման:

4 մարտ, 2015
Անթիլիաս, Լիբանան

Նախորդը

Անդրադարձ. Նեթանիահուի Ճառը

Յաջորդը

Զօր. Տեմփսի. «Թիքրիթին Վերատիրանալու Համար Իրաքեան Ուժերուն Աջակցութեան Մէջ Իրանի Դերակատարութիւնը Դրական Պիտի Ըլլայ, Եթէ…»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.