Գաղութային

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն`  «Մորթային Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ Դասախօսութիւն` «Մորթային Հիւանդութիւններ» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Մորթային հիւանդութիւններ»-ը, զոր ներկայացուց մորթային հիւանդութեանց մասնագէտ տոքթ. Մարի Գասապեան: Առողջապահական յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը նշեց, որ մորթը մեզ կը պաշտպանէ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատու գրասենեակին եւ հրաւէրով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներու տնօրէնութեան, երկուշաբթի, 16 մարտ, 2015-ին, լիբանանեան լրատուամիջոցներու խումբ մը, բաղկացած` Փիեռ Աթալլայէ («Նահար» օրաթերթ),  Տենիզ Հատտատէ («Սաֆիր» օրաթերթ), Էլի Հաննայէ («Ախպար» օրաթերթ), Էտմոն Սեսինէ եւ Փիեռ Եուսեֆէ («Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանէ), գործուղուեցաւ Հայաստան մասնակցելու լրագրական 5-րդ ֆորումին, որ տեղի պիտի ունենայ 18-20 մարտ...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի  Հիմնադրութեան 90-Ամեակի  Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 90-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ  ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի տօնակատարութիւնը, Էշրեֆիէի «Ժամհուր» վարժարանի սրահին մէջ: Ռուպինա Խայաթ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց  Պէյրութ մասնաճիւղի խմբապետ` Ռուպինա Խայաթ, որ բարի գալուստ մաղթեց ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի 90 տարիներուն...

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց.  Միջդպրոցական Գծագրական  Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

«Թ. Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոց. Միջդպրոցական Գծագրական Աւանդութեան Վերածուած Մրցանք

Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը տարիներէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է կազմակերպումը միջդպրոցական գծագրական մրցանքի, որ յաճախ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ դպրոցականներուն մէջ, կը խրախուսէ զանոնք եւ ճամբայ կը հարթէ դէպի յաւելեալ մասնագիտացում: Այս տարի այս մրցումը իր շուրջ համախմբեց 19 հայկական դպրոցներէ 49 աշակերտներ, որոնք այս մրցումին ճամբով նոր փորձառութիւն ապրելու եւ իրենց ձիրքերը դրսեւորելու ու հանրութեան ներկայացնելու ուրոյն...

Աւելի Քան 15 Երկիրներու Դիւանագիտական  Ներկայացուցիչներու Ներկայութեան.  «Ազգովին Պիտի Շարունակենք Պայքարը`  Յանուն Արդարութեան Հաստատման  Եւ Մեր Իրաւունքներու Վերատիրացման»  Ըսաւ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Աւելի Քան 15 Երկիրներու Դիւանագիտական Ներկայացուցիչներու Ներկայութեան. «Ազգովին Պիտի Շարունակենք Պայքարը` Յանուն Արդարութեան Հաստատման Եւ Մեր Իրաւունքներու Վերատիրացման» Ըսաւ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, ուրբաթ, 13 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հաւաք-ընդունելութիւն:  Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տրամադրած նկարները` միջազգային մամուլի արձագանգներէ եւ սքանտինաւեան արխիւներէն։ Ներկայ...

Հայ Սկաուտի Օր` Նուիրուած  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Հայ Սկաուտի Օր` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Ազգային պատկանելիութեամբ հպարտանալու առիթ մը եղաւ հայ սկաուտի օրը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին ու խմբապետական կազմին կազմակերպութեամբ: Սրահի մուտքին հպարտ ու աշխուժ կանգնած էր ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, որ կը դիմաւորէր օրուան պաշտօնական հիւրերը: Խանդավառ մթնոլորտ մը կը խայտար...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Այցելութիւնները Եւ Հանդիպումները

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները Եւ Հանդիպումները

Այնճարի Մէջ Կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, Այնճար այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի,  Երեւանի Ժամանակակից արուեստի պատկերասրահի տնօրէն Նունէ Աւետիսեանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամներու: Նախարարը ընկերակցող պատուիրակութեան հետ Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար զօր. Փանոս Մանճեանի,  քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ»...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Տօնի  Հանդիսաւոր Նշում.  «Այս Սուրբերուն Վարքը Պէտք Է  Մեր Կեանքին Ուղեցոյցը Դառնայ»  Ըսաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում. «Այս Սուրբերուն Վարքը Պէտք Է Մեր Կեանքին Ուղեցոյցը Դառնայ» Ըսաւ Շահէ Եպս. Փանոսեան

Երէկ` կիրակի, 15 մարտ 2015-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, առաւօտեան ժամը 9:00-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան հասաւ Արաքս թաղի մուտքը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Յընթացս Ս. պատարագին, առաջնորդ սրբազանը օծեց  2 սրբապատկերներ, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին...

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Այցելութիւնները`  Հոգեւոր Պետերուն Եւ Ազգային- Մշակութային Կառոյցներուն  Այցելութիւն` Անթիլիասի Մայրավանք

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Այցելութիւնները` Հոգեւոր Պետերուն Եւ Ազգային- Մշակութային Կառոյցներուն Այցելութիւն` Անթիլիասի Մայրավանք

Ուրբաթ, 13 մարտ 2015-ի առաւoտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հետ առնչուած ծրագիրներուն: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց նախարար Յակոբեանի նուիրեալ աշխատանքը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրացման գծով: Ազգային Առաջնորդարանին...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի  Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու  Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Րաֆֆի Թոքաթլեանի Քանդակներու Եւ Գեղանկարներու Ցուցահանդէսի Բացում

Հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ին , երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սայֆի Վիլեճ»-ի «Կալէօրի քոնեսանս տեզ ար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի կազմակերպած`  արուեստագէտ Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակներու եւ գեղանկարներու ցուցահանդէսին բացումը, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի hովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան գործակցութեամբ: Ցուցահանդէսին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ...

Հաղորդագրութիւն.  Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց  Յատուկ Սիւնհոդոսի

Հաղորդագրութիւն. Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Յատուկ Սիւնհոդոսի

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսի բացումը կատարուեցաւ 24 փետրուար 2015-ին, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, Հռոմ, նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց եւ մասնակցութեամբ հետեւեալ թեմերու առաջնորդներուն. Լիբանան, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Պոլիս, Հալէպ, Դամասկոս, Բարձր Ճեզիրէ, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Լատինական Ամերիկա, Յունաստան: Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին գլխաւորաբար հետեւեալ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան եւ Վիգէն Աւագեան, այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպումին, արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ գաղութի ազգային կեանքին հետ առնչուած հիմնական օրակարգեր: Կեդրոնական կոմիտէն վեհափառ հայրապետին...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով, 7-8 մարտ 2015-ին, Պոսթընի «Հայրենիք» շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միջշրջանային Գ. ժողովը` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Քանատայի Շրջանային վարչութիւններու կազմերուն եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն: Ժողովին մասնակիցները կու գային Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն, Պոսթընէն, Թորոնթոյէն եւ Մոնրէալէն: Եռակողմանի ժողովի օրակարգին մաս կը կազմէին երեք...

Համազգայինի «Լիւսի  Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ.  Անատոլի Գրիգորեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Անատոլի Գրիգորեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, բացումը կատարուեցաւ հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանի ցուցահանդէսին: Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան, նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, ազգային եւ պատկան մարմիններու ու...

Սպիտակ Ջարդի Ցայտուն  Մէկ Օրինակը Բեմականացնելով`.  Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը  Կը Ներկայացնէ Ռոպերթ  Առաքելեանի «Կարօտ»-ը

Սպիտակ Ջարդի Ցայտուն Մէկ Օրինակը Բեմականացնելով`. Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ»-ը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները 2015-ի իրենց գործունէութեան առանցքը կեդրոնացուցած են 100-ամեակը խորհրդանշող նախաձեռնութեանց վրայ: Այս ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, եւ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի «Կարօտ» թատերախաղը` ներկայութեամբ հայ աշակերտներու հոծ բազմութեան: Հայրենի բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան, որ միաժամանակ հեղինակն ու գեղարուեստական ղեկավարն...

«Նարեկի Տիրամօր»  Ընկերային-Բժշկական  Կեդրոն Այցելեց Քաթրին Պոմոն

«Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոն Այցելեց Քաթրին Պոմոն

Չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոն այցելեց «Լ՛էօվր տ՛Օրիան» հաստատութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի տնօրէն Քաթրին Պոմոն, որ հանդիպում մը ունեցաւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան կեդրոնի յառաջիկայ ծրագիրները, կարիքներն ու իրագործման կարելիութիւնները: Ապա Պոմոն շրջագայեցաւ եւ ծանօթացաւ «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոնի բաժանմունքներուն եւ գործունէութեան: Ան գնահատեց կեդրոնի մարդասիրական եւ առողջապահական աշխատանքները, որոնք...

«Պուսթան» Միջազգային Երաժշտական  Փառատօնի Շրջագիծին Մէջ.  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակին Նուիրուած Ելոյթ

«Պուսթան» Միջազգային Երաժշտական Փառատօնի Շրջագիծին Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ելոյթ

10 մարտին «Պուսթան» միջազգային երաժշտական փառատօնի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Սերկէյ Սմբատեան, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Երեկոյին բացումը կատարեց փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն, իտալացի խմբավար Ճանլուքա Մարցիանօ, որ ընդգծեց, որ այս տարի ամբողջ հայութիւնն ու յառաջադէմ մարդկութիւնը կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Ան անդրադարձաւ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ իրականացուած...

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ.  Զօրաւոր Պայթում Մը  Անգամ Մը Եւս Ցնցեց Հալէպ Քաղաքը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Զօրաւոր Պայթում Մը Անգամ Մը Եւս Ցնցեց Հալէպ Քաղաքը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 12 մարտ 2015-ի կանուխ առաւօտեան զօրաւոր պայթում մը անգամ մը եւս ցնցեց Հալէպ քաղաքը: Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ կատարուած պայթումը Հալէպի պատմական բերդի շրջանին մէջ գտնուող «Ապտել Համիտ Զահրաուի» վարժարանին կողքին էր: Պայթումին պատճառով ֆիզիքական եւ նիւթական ծանր վնասներ արձանագրուեցան: Պայթումը երկրաշարժի զօրաւոր ուժգնութեամբ էր, քաղաքը ամբողջութեամբ ցնցուեցաւ, բնականաբար ցնցուեցան նաեւ հայահոծ թաղամասերը: Զինեալ խմբաւորումներու...

Միջինքի Առիթով.  Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Արեւագալի  Արարողութեան Նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Միջինքի Առիթով. Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Արեւագալի Արարողութեան Նախագահեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանանի հայոց թեմին մէջ հաստատուած երկարամեայ աւանդութեան համաձայն եւ Միջինքի առիթով, երէկ` չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի ժամերգութեան նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ժամերգութեանց երգեցողութիւնը կատարեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները: Հոծ բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի եւ Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտները: Ժամերգութեան...

Մամլոյ 101-րդ Լսարան.  Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի  Ստեղծման Ու Զարգացման Ծրագիրը

Մամլոյ 101-րդ Լսարան. Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի Ստեղծման Ու Զարգացման Ծրագիրը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպութեամբ մամլոյ 101-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 11 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան, որ համառօտ ձեւով ներկաներուն ծանօթացուց «Ուիքիփետիա»-ն, ապա յայտնեց, որ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ը հասարակական կազմակերպութիւն է եւ կը միտի իր նախագիծերուն ճամբով տեղեկատուական հասարակութիւն ձեւաւորել` ներգրաւելով...

Page 356 of 364 1 … 355 356 357 … 364

Արխիւներ