Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պատմութեան Մէջ Արմատացած Քրիստոնեայ – Իսլամ Գործակցութեան Անհրաժեշտ Է Նոր Արեւելում Եւ Ուժականութիւն Տալ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 4, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_gatԵրեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարելով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական մշակոյթի եւ յարաբերութեանց բաժանմունքին միացեալ ծրագրումով տեղի ունեցող համագումարին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու եւ գործակցութեան նոր ուժականութիւն տալու հրամայականը:

Յիշեալ համագումարին ընդհանուր բնաբանն է «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն` ի խնդիր Միջին Արեւելքին մէջ արդար խաղաղութեան հաստատման»: Վեհափառ հայրապետը իբրեւ ուղեգիծ համագումարին կատարելիք քննարկումներուն, ընդհանուր գիծերով վերլուծումը կատարեց սոյն բնաբանին, լուսարձակի տակ առնելով հետեւեալ կէտերը.

«1) Քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը` իբրեւ միաստուածեան կրօններ, նո՛յն արմատները ունին: Բնական է, անոնք աստուածաբանական հարցերու նկատմամբ տարբեր մօտեցումներ ունին, սակայն նաեւ ունին հասարակաց բարոյական արժէքներ, որոնք պէտք է մղեն յիշեալ կրօնները խաղաղ գոյակցութեան ու միացեալ գործակցութեան ներկայ ընկերութեան առնչուած բազմաթիւ տագնապներու ու մտահոգութիւններու գծով:

2) Պատմութեան ընթացքին իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը գոյակցած են հակառակ այն իրողութեան, որ երբեմն այդ գոյակցութիւնը առաւելաբար քաղաքական պատճառներով, դարձած է դիւրաբեկ: Անհրաժեշտ է քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը գործակցութեամբ թարգմանել` յատկապէս տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ ու մասնաւորաբար Միջին Արեւելքին մէջ: Ծայրայեղութիւնն ու բռնութիւնը երկու կրօններու ուսուցումներուն ու բարոյական արժէքներուն դէմ է: Ահաւասիկ սերտ գործակցութեան հասարակաց դաշտ մը:

3) Համագումարի բնաբանին մէջ յիշուած է «արդար խաղաղութիւն»: Արդարեւ, խաղաղութիւնը կարելի չէ անջատել արդարութենէն, անոնք սերտօրէն շաղախուած են: Հոն, ուր արդարութիւն չկայ, նաեւ բացակայ է խաղաղութիւնը: Մարդկային կեանքը ղեկավարող այս երկու արժէքները Աստուծոյ պարգեւներն են տրուած մարդուն: Հետեւաբար, անոնց բռնաբարումը մեղք մըն է Աստուծոյ դէմ:

4) Միջին Արեւելքի պատմութիւնը մեծ իրագործումներու կողքին նաեւ լեցուն եղած է պատերազմներով ու տագնապներով: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ընկերութեան կեանքը տագնապներով լեցուած է, երբ արդարութիւնը բացակայ եղած է: Այսօր հպանցիկ ակնարկ մը մեր շրջապատին` յստակօրէն կը պարզէ արդարութեան բացակայութիւնը: Արդարեւ, անարդարութիւնը տակաւին կը շարունակուի պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, որովհետեւ անոնք իրաւունք ունին անկախ ու ինքնիշխան պետութեան. անարդարութիւնը կը շարունակուի հայ ժողովուրդին դէմ, երբ ներկայ Թուրքիան տակաւին կը մերժէ ճանչնալ իր նախահայրերուն կողմէ 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը: Տակաւին կարելի է շարքը երկարել անարդար կացութիւններու կամ մօտեցումներու»:

Ապա, վեհափառ հայրապետը իբրեւ եզրակացութիւն ըսաւ, թէ` «Իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը չեն կրնար լուռ մնալ անարդարութեան նկատմամբ: Անհրաժեշտ է, որ անոնք աւելի ամրապնդեն իրենց գործակցութիւնը»:

Վեհափառ հայրապետին բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի: Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարին կը մասնակցին շուրջ 25 հոգիներ Իրանի պետութիւնը, Իրանի հայ համայնքը` երեք առաջնորդ սրբազաններուն գլխաւորութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. 85-Ամեակի Յոբելենական Տարուան Հանդիսութիւններու Սկիզբ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.