Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Լսումներ` Սուրիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Մարտ 5, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_nora-53Սուրիոյ Ազգային ժողովի շէնքին մէջ չորեքշաբթի, 4 մարտ 2015-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեանը եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը: Քննարկուեցան հայ-սուրիական խորհրդարանական կապերը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Հայ կաթողիկէ վարդապետ Ճորճ Պահի, դեսպանատան խորհրդական Վարդան Յովհաննիսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան:

Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած հանդիպում մը, որ ընդգրկեց խորհրդարանի Ընդհանուր ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու եւ Ազգային հաշտեցման յանձնախումբերու անդամները, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամներ Մովսէս Հալաճեան, Գէորգ Կէօնճեան, Պօղոս Խաճարեան, Պերճ Պարսումեան, Սարգիս Պրունսուզեան, Նորա Արիսեան, եւ Քաղաքական ժողովի անդամներէն Աւօ Ոսկեան եւ Յակոբ Ներսէսեան:

Բացման խօսքեր արտասանեցին Ազգային հաշտեցման յանձնախումբի նախագահ Օմար Աուսի եւ Ընդհանուր ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նախագահ Պատի Սքուր, որոնք ընդգծեցին սուրիահայերուն դերը Սուրիոյ կեանքին մէջ եւ անդրադարձան ցեղասպանութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած տառապանքին եւ անոր իրաւազրկման: Անոնք նշեցին, որ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ թրքական վարչակարգին կողմէ տեղի ունեցածը շարունակութիւնն է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած յանցագործութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանին եւ նշեալ յանձնախումբերուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր մարմինին իրականացուցած այս հանդիպումը պատմական որակեց:

Իր կարգին, Արմաշ եպս. Նալպանտեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ ժողովրդային մակարդակով հաստատուած հայ-սուրիական կապերը` հաստատելով, որ Սուրիան հայերուն համար կեանքի հայրենիք է, նաեւ անդրադարձաւ ապրիլ ամսուան ընթացքին նահատակներու սրբադասման վերաբերեալ կատարուելիք ձեռնարկներուն:

Ապա 100-ամեակի յանձնախումբի անդամ Սարգիս Պրունսուզեան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 100-ամեակին առիթով կատարուելիք ձեռնարկներուն:

Պատմաբան դոկտ. Նորա Արիսեան Հայոց ցեղասպանութեան մասին բովանդակալից ելոյթ ներկայացուց` անդրադառնալով ցեղասպանութեան պատմութեան, պատճառներուն եւ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ զայն ճանչցող պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն` շեշտը դնելով ճանաչման եւ բանաձեւ ընդունելու հոլովոյթի վրայ: Ան ակնարկեց նաեւ ժխտման քրէականացումի հանգամանքը` օրինակ տալով Տողու Փերինչեքի դատավարութեան դէպքը:

Արիսեան ներկայ երեսփոխաններուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ Սուրիան ամէնէն հարուստ աղբիւրը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթով, նկատի ունենալով սուրիացի ականատեսները, սուրիական մամուլը եւ պատմագրութիւնը: Ան ներկայացուց այս մասին հրատարակուած գիրքերը, ինչպէս` դոկտ. փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ (փաստաթուղթերու հաւաքածոյ)» գիրքը եւ  դոկտ. Նորա Արիսեանի «Հայոց ցեղասպանութեան արձագանգները սուրիական մամուլին մէջ», «Հայոց ցեղասպանութիւնը սուրիական մտքին մէջ» եւ «100 տարի Հայոց ցեղասպանութեան. 100 արաբ վկայութիւններ» գիրքերը, որոնք լուսարձակի տակ կ՛առնեն Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող սուրիական աղբիւրները:

Յանձնախումբերու անդամ երեսփոխանները լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին ճանաչման հարցով եւ միջազգային բեմերու վրայ հայկական կողմի տարած աշխատանքներուն մասին: Դոկտ. Նորա Արիսեան բոլոր հարցումներուն պատասխանեց` շեշտելով, որ ոճրագործին անպատժելիութիւնն է, որ առիթ տուաւ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան տարբեր ազգերու դէմ` նոյն շրջանին մէջ:

Մամուլի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին խօսք առին նաեւ խորհրդարանի կարգ մը երեսփոխաններ եւ ընդգծեցին միջազգային մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այլ ժողովուրդներու ջարդերը դատապարտելու հարցը պահանջելու անհրաժեշտութիւնը:

Ելոյթ ունեցողները յոյս յայտնեցին, որ Սուրիոյ խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ իր դիրքորոշումը կը յայտարարէ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումէն Ընդարձակ Պատուիրակութիւն Մը

Յաջորդը

Տաւութօղլու Կը Խոստանայ Պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Քարոզչութեան Դէմ

RelatedPosts

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու  Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային  Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Արմէն Ռուստամեան. «Արցախի Մէջ Հայերու Պաշտպանութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Միջազգային Ուշադրութեան Կեդրոնին Մէջ»

Մարտ 29, 2023
Փաթել. «Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Շրջանի Մէջ  Վստահութեան Ամրապնդման Եւ Երեւանի Ու  Պաքուի Միջեւ Երկխօսութեան Նպաստող Ջանքերը»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Ազրպէյճանի Զինուորներու Տեղաշարժերուն Նկատմամբ

Մարտ 29, 2023
Ռուսիան Խիստ Զգուշացում  Կ՛ուղղէ Հայաստանին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիան Խիստ Զգուշացում Կ՛ուղղէ Հայաստանին

Մարտ 29, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In