Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ. «Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

March 9, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-7-15_lokh-93Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան  քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին,  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդական միօրեայ սեմինար մը: Նախաձեռնութեան նպատակն էր շեշտել հայ երիտասարդին դերակատարութիւնը կազմակերպութիւններուն եւ համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ կամաւոր ծառայութեան ունեցած դրական  ազդեցութեան` անհատներու հոգեմտաւոր զարգացման վրայ:  Սեմինարին մասնակցեցան հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժիններու 11-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտներ, նաեւ համալսարաններու հայկական ակումբներու ներկայացուցիչներ:

Սեմինարին բացումը կատարեց Սեդա Մանկասարեան: Ան մեծ ուրախութեամբ ողջունեց երիտասարդները  եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց: Ան հաստատեց, որ միութիւնները կարիք ունին հայ երիտասարդին, անոր խանդավառութեան եւ նոր աշխատելաձեւին` անդրադառնալով անոնց կարեւորութեան եւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան: «Մեր տունը ձեզմով շէնցած է, սիրելի՛ երիտասարդներ», ըսաւ ան:

Յաջորդաբար երեք դասախօսները ներկայացուցին կամաւոր աշխատանքին կարեւորութիւնը` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով երիտասարդներուն ներգրաւուածութեան արդիւնաւէտութիւնը:

Առաջին դասախօսը` Թամար Հաշէօլեան ներկայացուց  «Կամաւոր հասարակական գործի օգուտները երիտասարդներուն համար» նիւթը:

3-7-15_Lokh-2Ներկայ երիտասարդները «Կամաւոր աշխատանք» եզրին ծանօթացնելու համար Թ. Հաշէօլեան նախ եւ առաջ յիշեց կամաւոր ըլլալու մղիչ ազդակները, որոնք ի յայտ կու գան երիտասարդին նկարագիրէն, կրթական մակարդակէն, օրինակելի կամաւորներ ճանչնալէ, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերէն եւ պատկանելիութեան բարձր զգացումէն: Ապա ան խօսեցաւ կամաւորը խրախուսող մթնոլորտին եւ անոր ձեռք բերած փորձառութիւններուն մասին: Ան շեշտեց. «Երիտասարդն ալ,  հաստատութիւնն ալ դեր ունին կամաւոր աշխատանքը յաջողութեամբ կատարելու մէջ»: Անոր համաձայն, կամաւոր հասարակական գործի օգուտներուն մաս կը կազմեն նաեւ դրական արդիւնքները, զորս կը ստանայ թէ՛ հանրութիւնը, թէ՛ հաստատութիւնը` կամաւոր մարդուժ ունենալով եւ նոյնիսկ կամաւոր երիտասարդը անձամբ` ինքնավստահութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ օժտուելով:

Ան բաղդատական մը կատարեց կամաւոր աշխատանք տանող երիտասարդին եւ նման գործունէութենէ հեռու երիտասարդին միջեւ:

Ապա Հաշէօլեան սեմինարին մասնակից երիտասարդներուն ներկայացուց գիտական իրողութիւն մը, թէ այն երիտասարդը, որ կամաւորաբար կ՛աշխատի, զերծ կը մնայ ամէն տեսակի  մոլութիւններէ եւ կ՛ունենայ երկար կեանք` շնորհիւ կամաւոր աշխատանքին, որ կերտած է անոր ընկերային շրջապատն ու հոգեմտաւոր աշխարհը:

Կարճ դադարէ ետք չինական բժշկութեան մասնագէտ Ռազմիկ Ազէզեան ներկայացուց «Առողջութեան մարզում»-ը:

Ան իր կարգին հաստատեց առողջ մարմինին եւ միտքին մէջ հաւասարակշռութիւն պահելու կարեւորութիւնը: Ըստ Ազէզեանի, առողջ մարմին ունենալը  հիմնուած է իւրաքանչիւրին մարմնին անհրաժեշտ ուժը նորոգելու կարողականութեան վրայ, զոր կրնանք վերանորոգել  քանի մը հիմնական մարզանքներով` աչքը կլոր շարժելու մարզանք, որ կը հանգստացնէ ուղեղը, մատները հորիզոնական  բանալ-գոցելու մարզանք, որ չորս անգամ ընելով կը հանգստացնէ աչքի ջիղերը, վիզի մարզանք` վիզը աջ եւ ձախ շարժելով, կռնակի մարզանք, կրիայի մարզանք, որ նաեւ կ՛օգնէ առօրեայ ընկճուածութենէն ձերբազատելու, ախորժակ բանալ- գոցելու մարզանք, որ կ՛օգնէ մարմնի մեծագոյն մկանը` ստոծանիի մկանը աշխատցնելու:

Խմբային աշխատանքով երրորդ դասախօսը`  Լուիզա Պապոյեան ներկայացուց «Ղեկավարութեան հմտութիւնը երիտասարդութեան մօտ» նիւթը: Պապոյեան ղեկավարին եւ ինքնահաւանին միջեւ առկայ նուրբ գիծերուն անդրադառնալէ ետք հարցումներ ուղղեց խմբակներուն: Ապա խմբակներն ու Պապոյեանը երկար զրուցելէ ետք յարմար սահմանումը գտան ղեկավարին. «Ղեկավարը ինքզինք լաւ կը ճանչնայ, ինքզինք կը յարգէ, տպաւորիչ եւ ներկայացուցիչ է, ինչպէս նաեւ` փորձառու առաջնորդ: Ճիշդ ձեւերով ճիշդ անձերուն կը բաժնէ աշխատանքը եւ անպայման մասնակից կ՛ըլլայ անոր: Փոխադարձ յարգանք, ուժ եւ վստահութիւն կը ներշնչէ իր հետեւորդներուն»:

Սեմինարը փակուեցաւ հաստատագիրներու բաշխումով` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի, Շրջանային վարչութեան անդամ Սանդուխտ Հերկելեանի եւ քարոզչական յանձնախումբէն Սեդա Մանկասարեանի կողմէ:

 

 

 

Նախորդը

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ 15 Վարժարաններու. Տեղի Ունեցաւ «Հրանդ Տինք» Միջդպրոցական Շարադրութեան Ե. Մրցանքը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Տարեկան Զոյգ Ձիւնագնացութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.