Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Դուման» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին. Ռուբէն Սասունցիի «Սասնայ Երկիր» Համերգ-Ներկայացումը Խանդավառեց Ներկաները

Մարտ 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-6-15_rou-33-6-15_rou-1«Հայկական ժողովրդային, հայրենասիրական եւ ազգագրական երգերը անքակտելի մասնիկներ են հայկական բազմադարեան մշակութային հարստութեան, այդ իսկ պատճառով, մեր ազգային լինելիութեան պայքարին ճամբուն վրայ անոնց պահպանումը եւ փոխանցումը մեծ կարեւորութիւն կը ստանայ»: Այս սկզբունքին հաւատալով` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբը կազմակերպեց երգահանդէս մը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 6 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` «Սասնայ երկիր» խորագիրով, որ ներկայացուց ազգագրական եւ հայրենասիրական երգերու հայրենի մեկնաբան Ռուբէն Սասունցին:

Վարդան Ազնաւուրեան
Վարդան Ազնաւուրեան

Բացման խօսքը ՀՅԴ «Ն. Դուման» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով ներկայացուց Վարդան Ազնաւուրեան: Ան ներկաները հրաւիրեց միասնաբար հաղորդուելու Տարօնի աշխարհի ազգագրական երգի, երաժշտութեան եւ պարին հետ: «Եկած ենք ոգեշնչուելու այն յաղթական ոգիով, որ մեզի փոխանցած են մեր նախահայրերը», շեշտեց ան: Ազնաւուրեան կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն` նշելով. «Այս տարի մեր հերոսական ոգիով հպարտանալու առիթն է»: Ապա բեմ հրաւիրեց ազգագրական եւ հայրենասիրական երգերու մենակատար Ռուբէն Սասունցին:

Ռ. Սասունցին տարբեր համերգներով հանդէս եկած է Հայաստանի, Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ` ստանալով «Տարուան ազգագրական երգիչ»-ը մրցանակը: Ան նաեւ հրապարակած է 2 ձայնասկաւառակ եւ 3 տեսասկաւառակ` «Սասնայ երգեր» խորագիրով:

Սասունցի համերգ-ներկայացումին բացումը կատարեց Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբին ընկերակցութեամբ` «Սասուն, պարի» երգով: Ապա ներկայացուց շարք մը ազգագրական հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր, որոնց ընդմէջէն իր խօսքը ուղղեց համայն հայութեան, որպէսզի ապրին հայու տիպարով: Ինչպէս նաեւ փառք տուաւ հայ մարտիկներուն եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ մայրերուն:

Ռ. Սասունցի իր իւրայատուկ եւ ազգագրական ոճով ոգեւորեց բոլոր ներկաները, որոնք միասնաբար երգելով եւ Եարխուշտա պարելով փակեցին երգահանդէսը:

Նախորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (8). Նկարագիրի Դարբնոց

Յաջորդը

Տը Միսթուրա. «Ինծի Յորդորեցին Հալէպի Մէջ Կռիւի Սառեցումը Յաջողցնելու Համար Հանդիպում Ունենալ Ժապհաթ Նուսրայի Հետ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախաձեռնութիւնը Եւ Հետագայ Միաւորուածութեան Խնդիրը

Յունիս 12, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է  Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը,  Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Պատրաստ Է Ստորագրելու Անվստահութեան Գործընթացը, Երբ Նաեւ Փողոցային Պայքար Սկսի

Յունիս 12, 2025
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ,  Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»
Գլխաւոր լուրեր

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Կը Հաւատամ, Որ Կը Յաղթահարենք Այս Դժուարութիւնը»

Յունիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?