Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցողներու Մանկավարժական Կեդրոնի Բացումը

Մարտ 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-4-15_kar-1«Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցողներու մանկավարժական կեդրոնի բացումը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 4 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, ՔԱՀԼ-ի շէնքին մէջ: Կեդրոնի ժապաւէնը կտրելէն ետք, ներկաները այցելեցին բաժանմունքի ութ սենեակները, ապա հիւրերն ու ներկաները խմբուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ կեդրոնի հիմնական նպատակն է հայ մանուկին նեցուկ կանգնիլ եւ մասնագիտական ուղղութիւն տալ բոլոր հայ աշակերտներուն, որոնք ուսումնական եւ կրթական զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան», «Կիւլպենկեան», «Պապիկեան» հիմնադրամներուն, ՔԱՀԼ-ի տնօրէնութեան, Պարսումեան ընտանիքին եւ «potifical mission»-ին, որոնց շնորհիւ կեդրոնը կը վայելէ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ու համագործակցութիւն:

Խօսք առաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան: Ան յիշեց, որ ՔԱՀԼ-ի մէջ անցեալին պատսպարուած են հայ բազմաթիւ անկարներ ու կարիքաւորներ: ՔԱՀԼ-ի հիմնադիրները հաւատքով իրենց քրիստոնէական կեանքը բաժնեկցած են հայ ազգի զաւակներուն հետ: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր ալ կեդրոնը տարբեր հաստատութիւններու հետ համագործակցելով կը շարունակէ օգտակար դառնալ այս անգամ հայ աշակերտին: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով, որ հայ աշակերտը ամէն գնով պէտք է մնայ հայ դպրոցին մէջ` տալով իր լաւագոյնը, որպէսզի կարելի ըլլայ պատրաստել ապագայ գիտակից, հաւատացեալ, ուսեալ եւ ազգասէր սերունդ մը:

Ապա խօսք առաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան ուսումնական կարիքներ ունեցողներու մանկավարժական բաժանմունքի պատասխանատու ու վարիչ Յասմիկ Տօնոյեան-Նալպանտեան: Ան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց կեդրոնի նպատակը, որ է նեցուկ կանգնիլ ուսումնական դժուարութիւններ դիմագրաւող մանուկներուն, որպէսզի կարենան իրենց լաւագոյնը տալ կրթական համակարգին մէջ, ինչպէս նաեւ սատար կանգնիլ հոգեբանական հարցերու, որոնք կրնան պատճառ դառնալ մանուկին ուսումնական եւ ընկերային յառաջդիմութեան: Ան նշեց, որ կեդրոնը կը տրամադրէ ուղղախօսական, ուղղավարժական, հոգեշարժական, հոգեբանական, վարկագիծի բարեփոխման, խորհրդատուութեան գնահատման եւ միջամտութեան ծառայութիւններ: Ըստ տուեալներու, կրթական տարբեր հաստատութիւններէ եւ հայկական վարժարաններէ 166 աշակերտներ կ՛օգտուին  կեդրոնի ծառայութիւններէն, 19 մասնագէտներով եւ պաշտօնեաներով կեդրոնը յառաջ կը տանի իր առաքելութիւնը: Ան շեշտեց, որ հայ դպրոցը հայուն կենսական աւիշն է, ուր կը կերտուի ու կը կազմուի հայու հոգին: Տօնոյեան-Նալպանտեան եզրափակեց խօսքը ըսելով, որ ջահակիր դառնանք հայ դպրոցին: Հայ դպրոցը ըլլայ մեր ճիտին պարտքը, ուսման ջահը եւ հայելին, ապա մէջբերեց Կոմիտաս վարդապետի խօսքը. «Եթէ հայ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդածը, յանցանքը ձերն է, չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին»:

Ապա հերթաբար խօսք առին «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի հայկական բաժինի տնօրէն Անի Կարմիրեան, «Պապիկեան» հիմնադրամի տնօրէն Քրիսթինա Պապիկեան-Ասսաֆ, «Կոկիկեան» հիմնադրամի տնօրէն Սուհէյլա Հայէք, «Pontifical Mission of Lebanon» հաստատութեան տնօրէն Միշել Քոսթանթին, որոնք բոլորն ալ իրենց ուղերձներով բարձր գնահատեցին կեդրոնի բացումը: Քաջալերեցին ուսման կարեւորութիւնը մեր հասարակութեան մէջ:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կարպիս Մարգարեան: Ան նկատել տուաւ, որ կեդրոնը արդիւնք է տարբեր հաստատութիւններու միջեւ եղած ջերմ համագործակցութեան եւ հաստատեց, որ միասնական աշխատանքը միշտ ալ երաշխաւորուած է յաջողութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, ապա յուշանուէրներ յանձնեց Անի Կարմիրեանին, Սուհէյլա Հայէքին, Քրիսթինա Պապիկեան- Ասսաֆին, Միշել Քոսթանթինին, Վահէ Պարսումեանին եւ պատուելի Սեպուհ Թերզեանին:

Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ մեծապէս գնահատեց տարուած աշխատանքը, որովհետեւ հայ աշակերտներու կողքին ըլլալու պատրաստակամութիւնը տակաւին գոյութիւն ունի, որպէսզի մասնագիտական աջակցութեամբ յաղթահարեն իրենց բոլոր դժուարութիւնները եւ Աստուծոյ շնորհներով զարգանան, աճին եւ իրենց հերթին բարիք տարածեն: Սրբազան հայրը մաղթեց, որ միացեալ ճիգը հայ դպրոցի եւ հայ աշակերտի կեանքին մէջ բարերար հետեւանք ունենայ, որ բարիք բերէ հայ ընտանիքին, ազգին եւ երկրին, որպէսզի իբրեւ ազգ յարատեւենք ու բարձր արդիւնք ապահովենք:

Աւարտին բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան` ՔԱՀԼ-ի շրջափակին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ազգագրական – Հայրենասիրական Երգերու Մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 88-Ամեակի Իւրայատուկ Նշում

RelatedPosts

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան  Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին
Գաղութային

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

Մարտ 25, 2023
«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In