Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւն

March 11, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-10-15_lem-1Երէկ` երեքշաբթի, 10 մարտ 2015-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, տեղի ունեցած ՀՄԸՄ – Պիպլոս խաղին ընթացքին պարզուած էր պաստառ մը, որուն վրայ արաբերէնով զետեղուած էր Ցեղասպանութեան հետ առնչուող երկտող մը: Այս պաստառը պատրաստուած էր Լիբանանի երիտասարդական միութեան կողմէ:

Ինչպէս գիտենք, ներկայիս պասքեթպոլի խաղերը Լիբանանի երիտասարդութեան մօտ կարեւորագոյն մարզախաղերէն մէկն է եւ մեծ թիւով երիտասարդներ կը հետեւին խաղերուն` ներկայ գտնուելով անոնց եւ կամ ուղիղ սփռումով դիտելով համացանցի միջոցով: Այս պաստառը պատահմամբ չէ որ պարզուեցաւ մեր երիտասարդներուն կողմէ, այդպիսի միջավայրի մը մէջ:  Անոնք այս քայլին դիմելով անգամ մը եւս եկան Լիբանանի երիտասարդութեան ներկայացնելու մեր դատը:  Անոնք այս պաստառը պարզելով ուզեցին յիշեցնել, որ տակաւին մենք կը գոյատեւենք: Այո՛, մենք ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ ենք, սակայն մենք սփիւռքի մէջ տակաւին կը գոյատեւենք եւ ունինք բարձր մակարդակի մարզական խումբեր: Հայը պայքարող ժողովուրդ է, եւ հայ երիտասարդին մէջ տակաւին չէ մեռած պայքարի ոգին:

Այո՛, հայ երիտասարդը աշխուժ է իր շրջանակին մէջ եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ իր միջավայրին մէջ տեղի ունեցող տարբեր աշխատանքներուն, այս մէկը հպարտութիւն է, սակայն իր տարած բոլոր աշխատանքներուն մէջ դաշնակցական երիտասարդին նպատակն է ներառել հայկական հարցը, իր շրջապատին ներկայացնել հայ ժողովուրդին կրած դժոխային տառապանքները եւ աշխատիլ ամէն գնով հասնելու իր նպատակի իրագործման` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:

Դաշնակցական երիտասարդը երբեք պիտի չյուսահատի, ան իր կարողութեան ամբողջ տարողութեամբ պիտի աշխատի հայրենիքի եւ իր դատին համար եւ գալիք սերունդներուն պիտի յանձնէ իր սրտին մէջ բոցավառող անմառ ջահը:

ՀՅԴ ԼԵՄ

 

 

Նախորդը

«Դաշնակցութիւն Յանուն Արցախի». Դաշնակցութեան 124-Ամեակի Նշում Ասկերանի Մէջ

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ Թրքական Մշակութային Կեդրոնի Տնօրէնը Իբրեւ Բողոք Հեռացաւ Սրահէն. «Հայկական Աշխարհը` Ցեղասպանութենէն 100 Տարի Ետք» Նիւթով Կլոր Սեղան` «Քառնըկի»-ի Միջին Արեւելքի Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.