Արուեստի լիբանանեան ակադեմիային (ԱԼՊԱ) եւ Պալամանտ համալսարանին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Տարիա Խտըշեանի «Սքէյփ Թու Սփէյս» ցուցահանդէսին բացումը` «Փոլիվանթ» սրահին մէջ:
ԱԼՊԱ համալսարանի նախերէցը` Անտրէ Պեխազի յայտնեց, որ իրենց համար մեծ ուրախութիւն է ներկայացնել քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի դուստր, խոստմնալից երիտասարդ արուեստագէտ Տարիա Խտըշեանի գեղանկարչութիւնը` յայտնելով, որ Տարիան եղած է արուեստի լիբանանեան ակադեմիային առաջին շրջանաւարտ սերունդէն:
2013-ին կազմակերպած իր ցուցահանդէսէն ետք, «Սքէյփ Թու Սփէյս» առաջինն էր անցնող երկու տարիներուն ընթացքին, ու ներկայացուած գործերը մեծամասնութեամբ ազդուած են անջրպետէն: Ան ըսաւ. «Երազս այնքան մեծ է, որ միայն անջրպետը կրնայ գրկել զայն»: Ան նաեւ շեշտեց, որ իր հայու ոգին համայն աշխարհին պիտի թափանցէ իր գեղանկարչութեամբ:
Տարիան երախտագիտութիւն յայտնեց ԱԼՊԱ համալսարանի նախագահութեան` այս առիթը ընծայելուն համար իրեն, ապա իր հօր` Զաւէն Խտըշեանին, որ մեծ ազդեցութիւն ունի իր գեղանկարչութեան վրայ:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ չորեքշաբթի, 12 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, «Փոլիվանթ» սրահին մէջ, ԱԼՊԱ- Սին էլ Ֆիլ: