Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ 15 Վարժարաններու. Տեղի Ունեցաւ «Հրանդ Տինք» Միջդպրոցական Շարադրութեան Ե. Մրցանքը

March 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-7-15_MesrobianՀրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին,  շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» լիբանանահայ միջդպրոցական շարադրութեան Ե. մրցանքը, որուն մասնակցեցան  8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու 39 աշակերտներ` լիբանանահայ 15 վարժարաններէ: Մրցանքը նուիրուած է Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիրին` քաջարի հրապարակախօսին եւ յանձնառու հայուն, որ սպաննուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան դատը պաշտպանելու իր մտաւորականի պայքարի ճամբուն վրայ` զոհ երթալով Թուրքիոյ մէջ անպատիժ գործող հայատեաց  կողմերու նիւթած ոճիրին:

Նախքան մրցանքի սկիզբը, մասնակիցները դիտեցին Հրանդ Տինքին մասին վաւերագրական կարճ տեսանիւթ մը, որուն յաջորդեց Մեսրոպեանի Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Նայիրա Պաղտասարեանի խօսքը: Ան ըսաւ, որ Հրանդ Տինքին նուիրուած հինգերորդ մրցանքը կը դիտուի իւրայատուկ լոյսի մը տակ, որովհետեւ այս տարի 100-րդ տարելիցն է Հայոց ցեղասպանութեան: «Տինք գրիչով կը պայքարէր ուրացումին եւ անարդարութեան դէմ, մենք ալ մեր գրիչներով պէտք է արտայայտենք մեր մտածումներն ու կեցուածքները` ցոյց տալու համար, որ  պահանջատէր ժողովուրդին ձայնը կարելի չէ  ահաբեկելով լռութեան մատնել», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ մրցանքի դատական կազմի ներկայացուցիչ, լիբանանահայ բանասէր եւ կրթական գործիչ Ժիրայր Դանիէլեան: Ան մասնակիցներուն համար կատարեց  օգտակար թելադրանքներ` մրցանքին լաւագոյն արդիւնքներ ներկայացնելուն ուղղուած եւ ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպիսի՛ կորովի տէր անձնաւորութիւն մըն էր թշնամական միջավայրի մը մէջ հայութեան դատը պաշտպանող Տինք: Դանիէլեան ըսաւ, որ Տինք պահանջատէրի իր պայքարը վարեց գրիչով ու մտքով` խօսքի ուժով սարսափի մատնելով Թուրքիոյ այն ուժերը, որոնց համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը նկատուի մեծագոյն սպառնալիք` ուղղուած պետութեան գոյութեան: Այս հաստատումէն մեկնելով` ան աշակերտներուն դիտել տուաւ տարողութիւնն ու կշիռը մտքի ու խօսքի ուժին, զոր արտայայտելու համար է նաեւ, որ հրաւիրուած է այս մրցանքը:

«Հրանդ Տինք» շարադրութեան Ե. մրցանքին մասնակցեցան  Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան, Սուրէն Խանամիրեան, Լեւոն եւ ՍոՖիա Յակոբեան եւ Եղիշէ Մանուկեան վարժարանները,  Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն, Շամլեան-Թաթիկեան եւ  Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանները, Համազգայնի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճը,  ԹՄՄ Վահան Թէքէեան միջնակարգ  վարժարանը եւ Հայ կաթողիկէ Այնճարի հայ քոյրերու, Ս. Խաչ – Հարպոյեան, Սրբոց  Հռիփսիմեանց , Սրբուհի Ագնէս եւ Մեսրոպեան վարժարանները:

Մրցանքին արդիւնքը պիտի յայտարարուի շաբաթ, 28 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, այս առիթով կազմակերպուելիք մրցանակաբաշխութեան յատուկ հանդիսութեան ընթացքին:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Նախորդը

Տարիա Խտըշեանի «Սքէյփ Թու Սփէյս» Ցուցահանդէսի Բացումը` Արուեստի Լիբանանեան Ակադեմիային Մէջ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ. «Հայ Երիտասարդը Եւ Կամաւոր Հասարակական Գործը» Նիւթով Սեմինար

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի

November 14, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

«Լիբանանահայ Գիրքի Պատմական Ուղին Եւ Հրատարակչական Հոլովոյթը» Խորագիրով Կլոր-Սեղան Քննարկում Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

November 14, 2026
Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ
Գաղութային

Պէյրութ Մարաթոն-Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն Գործակցութեան Մեկնարկ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.