 ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ Արցախի ազատագրական պայքարի 27-րդ տարեդարձին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց:
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ Արցախի ազատագրական պայքարի 27-րդ տարեդարձին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն մը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 5 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնին դիմաց:


ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Աքասիա Փոլատեան: Ան նկատել տուաւ, որ Արցախեան գոյամարտը 20-րդ դարու անօրինակ, ցաւոտ ու հայ ժողովուրդին համար արիւնալի էջերէն մէկն է, բայց միաժամանակ հայ ժողովուրդի կամքը արտայայտող շրջան: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ 27 տարի ետք սահմանային բախումները կը շարունակուին, իսկ պետութիւններն ու միջազգային մարմիններ կը մնան լուռ, մինչ Պաքու կը շարունակէ ոտնահարելով խախտել զինադադարի սկզբունքները, կը շարունակէ իր մահացու գնդակով ընկճել մեր սահմանապահ զինուորներուն կամքը: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ նահատակներուն յիշատակը եւ անոնց սխրանքները անցեալի էջերուն մէջ պէտք չէ մնան, այլ պէտք է խրախուսեն ու քաջալերեն մեզ, որ ըլլանք զգօն ու մնանք միշտ Արցախի կողքին:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կազմեց Հրակ Գարագաշեան, որ երգեց «Զինուորի երգը»:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Համբիկ Պիլալեան:
Ան յայտնեց, որ այս ձեռնարկը ամբողջ հայութեան սիրտը թնդացնող նախաձեռնութիւն մըն է, որ ունի համազգային նշանակութիւն, համահայկական հնչեղութիւն եւ ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու հրաւէր, բայց մանաւանդ` մենք մեզի հետ ըլլալու պատեհութիւն:
Ան ըսաւ, որ եթէ դարեր շարունակ թիավարած ենք հոսանքն ի վեր` յանուն ճշմարտութեան ու խաղաղութեան, պահանջատէր եղած ենք մասնատուած հայրենիքի վերամիացման, հաւաքական կեցուածքով ցոյց տուած ենք քաջութեան եւ խիզախութեան ամէնէն փայլուն օրինակները` վասն հայրենիքի եւ ժողովուրդի գոյատեւման:
Համբիկ Պիլալեան նշեց, որ արցախահայութեան մղած ազգային-ազատագրական պայքարը թէեւ ունեցաւ դժուարին հանգրուաններ, սակայն, շնորհիւ հայ քաջարի մարտիկներու տոկալու կամքին, վառ հայրենասիրութեան, հայրենիքը փրկելու վճռակամութեան, դէպի թշնամին սլանալու եւ հարուածելու յանդգնութեան, հայոց Արցախ աշխարհը իր բացառիկ ժողովուրդով եւ իրեն թիկունքին ունենալով համայն հայութեան աջակցութիւնն ու կորովը, ցոյց տուաւ ինքզինք գերադասելու այնպիսի ներուժ եւ իւրովի կարողականութիւն, որով կարելի եղաւ ապահովել ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն պանծալի յաղթանակը:
Եւ այդ հրաշալի յաղթանակը կերտեցին բոլոր անոնք, որոնք ոչ մէկ ատեն սակարկեցին հայրենիքի անկախութիւնն ու ազատութիւնը, հայ ժողովուրդի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Ապա Պիլալեան շարունակեց ըսելով, որ այդ սրբազան յաղթանակի դրօշակակիրները հանդիսացան հայոց սուրբ նահատակները, որոնք դարձան մեր ժամանակներու Վարդանները, Ռոստոմները, Դումանները, Անդրանիկները, Գէորգ Չաւուշները, Հրայր Դժոխքները, Դրոները, Գարեգին Նժդեհները, Արամներն ու բազում նուիրեալները, որոնք իրենց եզակի քաջութեամբ եւ զոհողութեամբ փրկեցին ազգը ստոյգ բնաջնջումէ:
Ան նշեց, որ նման հաւաքներն ու ձեռնարկները ոչինչ կ՛արժեն, եթէ հայութիւնը, իր յարանուանութիւններով, կուսակցութիւններով, տարբեր միաւորումներով եւ շերտերով, իր առօրեայ կեանքին ու մտածումներուն առանցքը չդարձնէ արցախեան գոյամարտի ամբողջ խորհուրդն ու հաւատամքը: Ոչինչ է մեր ներկան, եթէ երբեք ամէն քայլափոխի չզգանք, չապրինք եւ մեր հոգիներուն մէջ վառ չպահենք Արցախի հերոս նահատակներուն ոգեկան մեծութիւնն ու բացառիկ սխրանքները:
Ան հարց տուաւ, թէ ազգովին որքա՞ն հաւատարիմ ենք արցախեան գոյամարտի ընթացքին ինկած աւելի քան հինգ հազար նահատակներու եւ յիսուն հազար վիրաւորներու պայծառ յիշատակին, այսօր ինչպէ՞ս պէտք է ըմբռնել հայութեան կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող անտարբեր մօտեցումները, անհիմն տարակարծութիւնները, հայութենէն պարպուելու սիրայօժար ընթացքը, օտարամոլութիւնն ու ինքնութենէն հեռանալու ամօթալի վիճակը, Հայաստանէն արտագաղթն ու թրքասիրութիւնը: Հայ վարժարանէն փախուստ տուող աշակերտներու եւ ծնողներու տխուր թափը, հայ եկեղեցիէն հեռու մնալու դատապարտելի արարքները, խառն ամուսնութիւններն ու գրեթէ ամէն օր ազգային արժէքներու կորուստը:
Ան աւելցուց, որ ըսուածը սրբազան կոչ-հրաւէր մըն է վերանորոգուելու, վերահայանալու եւ վերսթափելու, բաց աչքերով եւ արթուն մտքերով տեսնելու, թէ ինչե՛ր կը պատահին մեր շուրջ, ինչպիսի՛ քաղաքական ու պատերազմական ահաւոր պայմաններ եւ վիճակներ պատած են մեզ, եւ ո՛ւր կը գտնուի մեր հաւաքական փրկութեան, բարօրութեան, անվտանգութեան եւ յառաջդիմութեան ուժը:
Ան հարցականի տակ դրաւ, թէ արդեօք առաւել ներշնչումի, իրաւ կազմակերպումի, հաստատ համոզումի վայելքը ապրելու առիթներ չե՞ն հայրենի սահմաններուն վրայ պատահած զինուորական դէպքերը, երբ տակաւին ամիսներ առաջ էր, դաւադիր ու նենգ թշնամին կը հարուածէր հայկական ուղղաթիռ մը եւ այդպիսով կ՛ուզէր բարոյալքել հայ զինուորի ներաշխարհը:
Ան յայտնեց, որ չկայ աւելի ճշմարիտ խանդավառութիւն, հարազատ ապրումներու գիտակցութիւն, քան այն, որ ազգը իր ամբողջ բովանդակութեամբ կ՛ոգեկոչէ յիշատակը իր սրբազան նահատակներուն եւ բարձր կը պահէ անոնց սխրանքներուն պայծառութիւնը:
Փաստօրէն, արցախեան գոյամարտի նահատակ թէ կենդանի հերոսները, ամէն քայլափոխի եւ աւելի քան 25 տարիէ, բարձրագոռ կը ղօղանջեն ու խիզախօրէն մեզի կը հրահանգեն, թէ հայութիւնը իր անկախ պետականութեամբ եւ սփիւռքներու գոյութեամբ, պարտաւոր է մէկդի շպրտել արուեստական ամէն ջրբաժան, քանդիչ մտածում, անհիմն տարակարծութիւն, ազգավնաս արարքներ, որոնք բացառաբար պիտի ծառայեն մեր թշնամիներուն:
Պիլալեան ըսաւ, որ հերոս տղաները կը պատգամեն, որ մէ՛կ է հայութիւնը իր ազգային ապրումներուն մէջ, մէ՛կ է` Հայաստանին ծառայելու իր երդումին մէջ, մէ՛կ է` Արարատը սիրելու իր կեցուածքին մէջ, մէ՛կ է Եռաբլուրի նահատակներու շիրիմները ամէն օր համբուրելու պատրաստակամութեան մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրանքին օգտակար դառնալու գիտակցութեան մէջ, ճգնաժամի թէ օրհասի օրերուն իրարու օգնելու ամէնէն գեղեցիկ արտայայտութեան մէջ, պատերազմի թէ խաղաղ օրերուն հայը հայուն թեւ եւ թիկունք դառնալու հրաշալի վարք ու փառքին մէջ, սուրիահայութեան թէ այլ գաղութներու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն հետ ըլլալու որոշումին մէջ, հայահոծ թաղամասերու պաշտպանութեան մէջ, Պուրճ Համուտը չդատարկելու նախանձախնդրութեան մէջ:
Ան նկատել տուաւ, որ ապրելու ու գոյատեւելու համար հայութիւնը պարտաւոր է ականջ տալ հայոց սրբազան նահատակներու ահազանգող հրահանգին: Տոկալ ու դիմակայել ամէն ստորնացում եւ ապրիլ հայօրէն եւ ճակատը բարձր, ապա պարտաւոր է տէր կանգնիլ սուրբ նահատակներու կտակին, որ մեզի կը հրահանգէ տէր ըլլալ մեսրոպաշունչ մայրենիին, երգին ու պարին եւ տէր ըլլալ աւանդական մեր սուրբ եկեղեցիներուն:
Ան աւարտեց խօսքը ըսելով` բոլորս միասին եւ բարձրագոռ կը գոչենք` Փա՛ռք Արցախի գոյամարտին, որ հայութեան վերադարձուց ազգային հպարտութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Փա՛ռք Եռագոյնին, որ հայ ժողովուրդի սէգ ճակատները բարձր պահեց ու պիտի պահէ յաւիտեան: Փա՛ռք հայոց բանակին, որ տիւ եւ գիշեր կը պաշտպանէ հայոց սահմաններն ու գիւղերը: Փա՛ռք Արարատին, որ մեզ ամէն օր կը յիշեցնէ բռնագրաւուած հայրենիքի` Արեւմտահայաստանի վերադարձին, Ջաւախքի ու Նախիջեւանի վերամիացումին մասին:

Խօսք առաւ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան: Ան ըսաւ, որ պէտք չէ յուսահատինք, պէտք չէ տկարանանք կամ ընկրկինք, այնքան ատեն որ ունինք զինուած ուժեր, պետական բանակ, արդիական զինուժ, մեր ջոկատները իրենց մարտունակութեամբ ու պատրաստուածութեամբ չեն զիջիր միջազգային զօրքերու մարտունակութեան: Ան ըսաւ, որ այնքան ատեն որ գոյութիւն ունի զինուած բանակ, հզօր Հայաստանի Հանրապետութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, մենք զօրաւոր ենք: Ան ժողովրդական այս տօնախմբութիւնը համազօր նկատեց նոր խրամատի մը, ըսելով` խրամատներ կրնան բացուիլ ամէն տեղ, ուր որ ալ ըլլայ, եւ այս բոլորը` շնորհիւ հայ երիտասարդներուն, ԶՈՄ-ականներուն, որոնք տէր ու պաշտպան կը կանգնին հայու իրաւունքներուն: Ան ըսաւ. «Արցախը հզօր է, հետեւաբար սփիւռքը թող զօրանայ»:

ԶՈՄ-ականներ, ԼԵՄ-ական եւ ՀՄԸՄ-ականներ Արցախի նահատակ զինուորներու հոգիներուն համար կանթեղներ վառեցին ու ձգեցին ազատ, որոնք սլացան վեր, իրենց աղօտ լոյսերով միացան աստղերուն ու զարդարեցին Պուրճ Համուտի երկնակամարը:
Աքասիա Փոլատեան ըսաւ, որ կանթեղներու օդին մէջ ձգուիլը մեկնակէտը պիտի ըլլայ զօրակցական նախաձեռնութեան մը, երբ ԶՈՄ-ական ընկերներ պիտի գործուղուին Արցախ ու այցելեն խրամատները եւ այնտեղ սրտակից ըլլան հայ զինուորին ու ապա իրենց հետ տարած հասոյթը փոխանցեն նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն:
Ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Ռուբէն Սասունցի, որ հայրենասիրական երգերով ջերմացուց մթնոլորտը:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ Արցախի քայլերգով:
 
			

