Գաղութային

Համազգայինի  Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  85-Ամեակի Յոբելենական  Տարուան Հանդիսութիւններու Սկիզբ

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. 85-Ամեակի Յոբելենական Տարուան Հանդիսութիւններու Սկիզբ

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտեան, Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական հաւաք` նշելու 3 մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ ճեմարանի 85-ամեակը: Դպրոցի զանազան բաժիններէն խումբ մը աշակերտներ խօսք առին եւ անդրադարձան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան այդ օրերուն երկրորդական վարժարան մը հիմնելու ծրագիրին կարեւորութեան, Լեւոն Շանթի ու Նիկոլ Աղբալեանի առաքելութեան եւ անոնց ճիգերուն...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Եւ Քուէյթի Հայ Գործարարները Պիտի Մասնակցին  Արցախի Մէջ Ներդրումային Ծրագիրներուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Եւ Քուէյթի Հայ Գործարարները Պիտի Մասնակցին Արցախի Մէջ Ներդրումային Ծրագիրներուն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի հայազգի տասնեակ գործարարներու ներկայացուած են «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ընկերութեան ծրագիրները, որոնք միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններուն մէջ  գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան զարգացման: Գործարարները ծրագիրներուն ծանօթացած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութեան` 27 փետրուարէն 1 մարտին կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ  ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ...

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան  27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 27-Ամեակին Առիթով Յիշատակի Հաւաք

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 1 մարտ 2015-ին, Լիբանանի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն ու արարողութիւն` Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերու յիշատակին: Նոյն օրը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ Սումկայիթի անմեղ զոհերուն յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագին: Յընթացս Ս. պատարագին սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ,...

Կիներու Միջազգային  Օրուան Տօնակատարութիւն.  Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ  Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

Կիներու Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն. Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

Կիներու միջազգային օրուան առիթով նախաձեռնութիւնները սկսան երէկ` երկուշաբթի, 2 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած «Հայ կնոջ բերած ներդրումը ազգային կեանքին մէջ» նիւթով դասախօսական ձեռնարկով: Լիբանանահայ կիներու հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան քայլերգով, ապա կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Շողիկ...

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան  Ներկայացուցիչները`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ներկայացուցիչները` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ կրօններու յարաբերութեան բաժանմունքին միջեւ երկխօսութեան 6-րդ նիստին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ սկսած եւ երկու տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ երկխօսութիւնը, յաջորդաբար տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի եւ Թեհրանի մէջ: Ներկայ նիստին ընդհանուր խորագիրն է քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Նախագահէ Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերուն  Հոգեհանգիստի Արարողութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Նախագահէ Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերուն Հոգեհանգիստի Արարողութեան

1 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն հոգիներուն համար: Այս տարի 27-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազրպէյճանցիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց իսկութեան մէջ թրքական ոճրային պատմութեան կրկնութիւնն էին, անպատիժ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Իսլամ  Ծայրայեղականներու Կողմէ Ասորիներու  Առեւանգումը Եւ Մօտէն Կը Հետեւի  Շրջանի Հայութեան Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Իսլամ Ծայրայեղականներու Կողմէ Ասորիներու Առեւանգումը Եւ Մօտէն Կը Հետեւի Շրջանի Հայութեան Կացութեան

Ժընեւ կատարած իր վերջին այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ Հասաքէի շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան: Արդարեւ, օրեր առաջ իսլամ ծայրայեղականներ յարձակած էին շրջանի ասորի գիւղերուն վրայ, եկեղեցիներ այրած եւ շուրջ հարիւր հոգիներ առեւանգած: 26 փետրուարին վեհափառ հայրապետին այցելեց Լեռնալիբանանի ասորի համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոս: Ան տեղեակ պահեց վեհափառ հայրապետը շրջանին մէջ ստեղծուած կացութեան մասին եւ...

Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերը  100-րդ Ապրիլ 24-ին  Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Լիբանանահայ Երեք Օրաթերթերը 100-րդ Ապրիլ 24-ին Կը Հրատարակեն Միացեալ Թիւ

Լիբանանի մէջ հրատարակուող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները, յետ խորհրդակցութեան, որոշած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրատարակել ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ թիւ` ապրիլ 24-ի օրը: Միացեալ թիւի բովանդակութեան եւ աշխատակցութիւններուն մասին ընթերցողները կը տեղեկանան հետագային:

Զրոյց` «Երիտասարդութիւնը  Ի՞նչ Կ՛ակնկալէ Ազգային  Միացեալ Վարժարանէն» Նիւթով

Զրոյց` «Երիտասարդութիւնը Ի՞նչ Կ՛ակնկալէ Ազգային Միացեալ Վարժարանէն» Նիւթով

Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին կազմակերպած «Երիտասարդութիւնը ի՞նչ կ՛ակնկալէ Ազգային միացեալ վարժարանէն» խորագիրը կրող մտերմիկ զրոյցը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 փետրուար 2015, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Զրոյցին մասնակից երիտասարդներն էին Ալին Նաքքաշեան, Շաղիկ Չափարեան, Ցոլեր Աղճեան, Լորի Վարդանեան, իսկ զրուցավարը` Սիլվա Փափազեան: Րաֆֆի Տեմիրճեան Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան նշեց, որ...

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ

Հալէպի մէջ ընկերային-կենցաղային տագնապները կը յամենան: Ջրամատակարարումը բարելաւուած է. ջուրը օրը միայն քանի մը ժամ կ՛անջատուի: Ելեկտրականութեան ընդհատումները երկարատեւ են. քսանչորս ժամուան ընթացքին միայն մէկուկէս ժամ կը միանայ հոսանքը: Վառելանիւթի տագնապը լուծուած է. սննդեղէն կայ, բայց սուղ է: Այս պայմաններուն մէջ մշակութային ձեռնարկները տարբեր միութիւններու կողմէ աշխուժօրէն կը շարունակուին: 26 փետրուարին Հալէպի մէջ հրթիռակոծումի  պատճառով վիրաւորուած Ժան Մահէեան, Շողեր Արսլանեան...

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ  Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում  Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն: Րաֆֆի Տեմիրճեա Յակոբ Լատոյեան Խօսք առաւ «Զգուշ» պարբերաթերթի պատասխանատու խմբագիր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ յայտնեց, թէ գաղութի մէջ նախազգուշական -առողջապահական պարբերաթերթ մը ունենալու պահանջը, որ ակներեւ էր, արդէն իրականութիւն դարձած է: Ան ըսաւ,...

Մամլոյ Ասուլիս` «Ֆորում Տը  Պէյրութ»-ի Մէջ  Կայանալիք «Հայերը Լիբանանի Մէջ-100 Տարի»  Խորագրեալ Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին Մասին

Մամլոյ Ասուլիս` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ Կայանալիք «Հայերը Լիբանանի Մէջ-100 Տարի» Խորագրեալ Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին Մասին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին մամլոյ յատուկ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի հանդիսասրահին մէջ: «Հայերը Լիբանանի մէջ, 100-տարի» խորագրեալ տօնավաճառ-ցուցահանդէսին  գծով կազմակերպուած այս մամլոյ ասուլիսին բացումը կատարեց Անի Եփրեմեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, արաբերէնով անդրադարձաւ ասուլիսի շարժառիթին եւ նպատակին` ընդգծելով լիբանանահայութեան օգտաշատ ներդրումը Լիբանանի յառաջդիմութեան եւ...

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ.  Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման  Թիրախ Դարձաւ. Յակոբ Գաբրիէլեան Զոհուեցաւ

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձաւ. Յակոբ Գաբրիէլեան Զոհուեցաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս շաբթուան ընթացքին Հալէպի զանազան շրջաններուն վրայ բազմաթիւ եւ զանազան հրթիռներ տեղացին: 26 փետրուար 2015-ի յետմիջօրէին զինեալ խմբաւորումներու կողմէ Հալէպի Ազիզիէ շրջանի Լատինաց եկեղեցւոյ մօտ Գաբրիէլեաններու «Մայ Ուէյ» վաճառախանութին դիմաց կազի շիշէ պատրաստուած հրթիռի պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Զոհուեցաւ Յակոբ Գաբրիէլեան եւ վիրաւորուեցան Ժան Մահեայեան, Շողեր Արսլանեան ու Սօսի Ստանպուլեան-Օհանեան: Վիրաւորները անմիջապէս տարուեցան...

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպում.  Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի  «Խանձուած Օրեր» Վէպի Ներկայացում

«Բագին»-ի Ընթերցման Հանդիպում. Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած Օրեր» Վէպի Ներկայացում

«Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսին խմբագրութեան կազմակերպութեամբ գրական հանդիպումը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ: Գրական հանդիպումին ընթացքին «Բագին»-ի խմբագիր  Յակոբ Պալեան ներկայացուց Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանի «Խանձուած օրեր»` 1915-ի յիշողութեան վէպը, որ իբրեւ թերթօն լոյս տեսած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ 1938-1939 թուականներուն, ապա 2004-ին լոյս տեսած է ֆրանսերէնով` թարգմանութեամբ Արմէն Բարսեղեանի: Յակոբ Պալեան նախ ներկայացուց...

Յայտարարութիւն

Յայտարարութիւն

Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի Նախագահի 2014 թուականի դեկտեմբերի 26-ի թիւ 656-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան  քաղաքացիութիւն: 12169, 12114, 12128, 12115, 12147, 12135, 11987, 12120, 12091, 8257, 10429, 12002, 10941, 12004, 12071, 11953, 11954, 12048, 12076, 11969, 12032, 12035, 11973, 12042, 11999, 11963, 12067, 12088, 12036, 12056, 12035, 12195, 12193, 5294, 12127,...

Թաղական Խորհուրդներու  Ընտրութիւններ

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ

Կիրակի, 22 փետրուար 2015-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց արդիւնքները:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը  Ընդունեց Դեսպան Ռիչըրտ Միլզը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Դեսպան Ռիչըրտ Միլզը

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս երէկ  ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը: Վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին եւ  իշխանութիւններուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուող զօրակցութեան համար: Վեհափառը նաեւ իր գնահատանքը արտայայտած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի  ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող ջանքերուն համար: Ամենայն...

«Պահանջում Եմ Իմ Տունը»  Ֆէյսպուքեան Շարժում

«Պահանջում Եմ Իմ Տունը» Ֆէյսպուքեան Շարժում

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կը տեղեկացնէ, որ յունուար 2015-էն սկսեալ սկիզբ առած է ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ցեղասպանութեան 100-ամեակի  տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը: Ձեռնարկները համահայկական են: Ծրագիրները բաժնուած են քանի մը բաժիններու` միջազգային խորհրդաժողովներ, բաց սեմինարներ, հանդիպումներ եւ այլն, ինչպէս նաեւ համացանցի միջոցով տեսահոլովակներու, պաստառներու եւ կոչերու տարածում: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն միանալու իր...

Կարապետեան Ընդունեց Միջազգային  Բարգաւաճման Գործակալութեան  Պատուիրակութիւնը

Կարապետեան Ընդունեց Միջազգային Բարգաւաճման Գործակալութեան Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան  գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան երէկ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան (Եու. Էս. Էյտ) պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջն էին Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտնօրէնի պաշտօնակատար Սիւզան Ֆրից, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային բարգաւաճման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Քարեն Հիլիարտ եւ այլ պաշտօնատարներ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան  գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան  ծառայութենէն: «Մենք շնորհակալ ենք Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան գիւղատնտեսութեան...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ այսու կը յայտնէ, որ 7 փետրուար 2015-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծարեց բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանը` անոր շնորհելով Համազգայինի շքանշանը եւ պատուոյ գիրը: Մեծարեալը իր գրական վաստակով կարեւոր ներդրում ունեցած է հայ գրականութեան մէջ եւ սփիւռքահայ մշակոյթին իր երկարատեւ ծառայութեամբ նպաստած է անոր հարստացման: ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ Պէյրութ, 20 փետրուար 2015

Page 358 of 364 1 … 357 358 359 … 364

Արխիւներ