Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Յիշատակումի Կեդրոնական Հանդիսութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Մարտ 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զօր. Աուն. «Անցեալի Ոճիրներու Ուրացումը  Թոյլ
Տուաւ, Որ Ոճրամիտ  Ուժեր Գործեն Նորանոր Ջարդեր»

Ժեմայէլ. «Միջազգային Ընտանիքը  Պարտաւոր Է
Ճանչնալ Եւ Դատապարտել  Զանգուածային
Բնաջնջման Բոլոր Գործողութիւնները

3-09-15_N-7Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդին, երկուշաբթի, 9 մարտ 2015-ին, «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Զուք Մուսպեհ, Լիբանան) հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակումի երեկոն` Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով: Սոյն հանդիսութիւնը կեդրոնականն էր նոյն առիթով Լիբանանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատկան մարմիններուն կողմէ ձեռնարկուելիք ձեռնարկներու շարքին, նախատեսուած` ամբողջ տարուան տեւողութեան:3-09-15_N-1

Ժորժ Քըրտահի
Ժորժ Քըրտահի
Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան
Հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան

Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ արաբական աշխարհի հաղորդամիջոցներու հանրածանօթ գործիչ եւ երեկոյի հանդիսավար Ժորժ Քըրտահի: Քըրտահի արաբերէնով մեկնաբանեց Եղեռնի զոհ` մեծ բանաստեղծ Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր» քերթուածը, ապա անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմութեան, դատապարտեց անոր դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը` Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան անունով խօսք առաւ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ Թուրքիոյ կառավարութենէն պահանջեց ճանչնալ Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան շրջանին անոնց ղեկավարներ Թալէաթի եւ Ճեմալի ղեկավարութեամբ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 1.5 միլիոն անմեղ հայեր: Հայր Եղիայեան պահանջեց թրքական կառավարութենէն հատուցել Հայոց ցեղասպանութեան վնասները` նիւթական եւ բարոյական մարզերուն մէջ` դիտել տալով, որ հայութեան հազարամեայ աշխատանքին պտուղը հանդիսացող հազարաւոր վանքեր ու եկեղեցիներ, դպրոցներ ու ապարանքներ, մշակոյթի եւ տնտեսութեան կեդրոններ, համայնքային թէ անձնական կալուածներ սանձարձակ բարբարոսութեան եւ ահաբեկումի ժամանակաշրջանի մը մէջ վերածուեցան ախոռներու, զօրանոցներու եւ բանտերու, մինչ նոր Թուրքիան ստեղծուեցաւ աւարի հիմքերու վրայ: Ան շեշտեց, որ հայոց կողմէ բռնագրաւուած հողերը պիտի վերադարձուին իրենց միակ իրաւատիրոջ` հայութեան, որուն համար կորսուած հայրենիքը մինչեւ այսօր իր խորհրդանիշերը ունի ի դիմաց Արարատ լերան եւ Կիլիկիոյ կանաչազարդ դաշտերուն:

Ապա բեմ բարձրացաւ լիբանանցի բանաստեղծ Անթուան Ռաատ, որ իր մատուցած քերթուածին ընդմէջէն դատապարտեց բռնատիրութիւններն ու մարդկութեան դէմ գործադրուած ոճիրները` դարերու ընթացքին:

Զօր. Միշել Աուն
Զօր. Միշել Աուն
Ամին Ժեմայէլ
Ամին Ժեմայէլ

Խօսք առաւ Լիբանանի նախկին վարչապետ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար զօր. Միշել Աուն: Ան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը տառապանքներ կրած է Օսմանեան կայսրութեան ամբողջ շրջանին` ենթակայ դառնալով ատելութեան եւ հալածանքի, որոնք իրենց գագաթնակէտին հասան Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին` Երիտասարդ թուրքերու իշխանութեան շրջանին: Ան ըսաւ, որ հայութիւնը զոհ գնաց համաթուրանական գաղափարախօսութեան, որ կը միտէր ջնջել Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր ազգութիւններն ու կրօնները: Ան ցաւով դիտել տուաւ, որ արեւմտեան պետութիւնները բաւականացան դիտորդի կարգավիճակ ցուցաբերելով հայութեան բնաջնջման փաստին առջեւ` անտեսելով նաեւ այն, որ կոտորածներուն զոհ կը դառնար ամբողջ քրիստոնէութիւնը` իր զանազան դաւանանքներով: Զօր. Աուն ըսաւ, որ անցեալի ոճիրներուն ուրացումը թոյլ տուաւ, որ ոճրամիտ ուժեր գործեն նորանոր ջարդեր, եւ անպատիժ աւերեն ամբողջական քաղաքակրթութիւններ: Հակառակ ասոր, ըսաւ ան, հայութիւնը եւ ամբողջ քրիստոնէութիւնը կը շարունակէ մնալ կրողը յարութեան գաղափարին, եւ կը մնայ պատրաստակամ շարունակելու իր քաղաքակրթական առաքելութիւնը Արեւելքի մէջ:

Յաջորդ բանախօսը եղաւ Լիբանանի նախկին նախագահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ: Ժեմայէլ ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է ճանչնալ եւ դատապարտել անցեալին գործուած եւ ներկայիս գործուող զանգուածային բնաջնջման բոլոր գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին ազգութիւններու եւ կրօններու հետեւորդ հաւաքականութիւններու դէմ` իբրեւ գլխաւոր նախապայման անոնց կանխարգիլման` ապագային: Ան կոչ ուղղեց Թուրքիոյ` անկեղծօրէն զղջում արտայայտելու հայոց եւ քրիստոնեայ այլ հաւաքականութիւններու դէմ գործուած ոճիրներուն համար, դիտել տալով, որ կարելի չէ սպասել ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան` առանց կատարուած ոճիրներու նկատմամբ պատասխանատուութեան: Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ սպասուող ներողութեան յայտարարութիւնը պէտք չէ ըլլայ ձեւական կամ ցուցադրական, այլ արտայայտէ անոր ցանկութիւնը` վերահաստատելու խաղաղութիւնը իրար հանդէպ թշնամացած ժողովուրդներու միջեւ: Ամին Ժեմայէլ բարձրօրէն գնահատեց լիբանանահայութեան ներդրումը Լիբանանի գոյատեւման եւ զարգացման մէջ` շեշտելով, որ երկխօսութեան եւ գործակցութեան հայկական աւանդութիւնը հիմքերէն մէկն է Լիբանանի ինքնութեան եւ գոյութեան:

Պշարա Ռայի պատրիարքը
Պշարա Ռայի պատրիարքը

Ապա ներկաներուն իր պատգամը յղեց մարոնիներու պատրիարք Պշարա Ռայի: Ռայի պատրիարքը զօրակցութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով յայտարարուած «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսին` դիտել տալով, որ այդ բառերը կ՛արտայայտեն քաղաքակիրթ բոլոր մարդոց տրամադրութիւնները`  ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ ընթացող ողբերգութիւններուն ի տես: Ան ցաւով դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները կարծես կը կրեն ռազմավարական ծրագիրի մը բնոյթը, որուն նպատակն է քանդել այս շրջանի երկիրները եւ անոնց քաղաքակրթական իւրայատկութիւնը: Ան դատապարտեց կրօնի քօղին տակ ծածկուած բռնութիւնը, որ անընդունելի է որեւէ մարդու կողմէ, որ հաւատք կը տածէ Աստուծոյ եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ: Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է Արեւելքի համար, եւ անոր դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը` ոտնձգութիւն է բոլորին նկատմամբ:

Յիշատակումի երեկոն փակուեցաւ  Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին աղօթքով:

Աւարտին, ներկաներուն յանձնուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին կողմէ յատուկ այս առիթով հրատարակուած գիրքէն օրինակներ: «100… եւ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի» վերնագրեալ գիրքը, որ կը բաղկանայ 512 էջերէ, կը բովանդակէ սպառիչ տեղեկատուութիւն եւ վերլուծութիւն, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր վկայութիւններ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին` տարբեր ժամանակներէ եւ զանազան ազգութիւններ ու պետութիւններ ներկայացնող անձերու գրիչով:

 

Նախորդը

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Հին Հալէպի Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումին Պատճառով Քաղաքը Ուժգնօրէն Ցնցուեցաւ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Կատարեալ Ողբերգութիւն Մը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In