Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպութեամբ եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկին գործակցութեամբ, երէկ «Էլ. Էյ. Եու.» Պէյրութի համալսարանի «Իրվին» սրահին մէջ նշուեցաւ Կիներու միջազգային օրը` «Տակաւին ո՛ւր ենք» կարգախօսը կրող ազգային արշաւին լոյսին տակ:
Պաշտօնական հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ, նախկին Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի, վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ Լամա Սալամ, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի, նախկին նախարար Պահիժ Թապպարա, երեսփոխաններ,

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի պատասխանատուներ, որոնց կարգին` խորհուրդի դիւանի անդամ Սօսի Փոլատեան, ինչպէս նաեւ իրաւաբաններ, կնոջական եւ ընկերային հարցերու տարբեր կազմակերպութիւններու, միութիւններու, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նաեւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը ներկայացնող պատ-ւիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Ազատուհի Սարգիսեան եւ Սանդուխտ Հերկելեան:
Ձեռնարկը սկսաւ համալսարանի նախագահ Ժոզեֆ Ժապրայի կողմէ ողջոյնի խօսքով, որ կը պարփակէր նաեւ մաղթանք մը` ջնջելու կնոջ դէմ կիրարկուող խտրութիւնն ու փշրելու զայն կաշկանդող բոլոր շղթաները: Ժապրայի խօսքին մէջ, մէկ կողմէ արձանագրուեցաւ կրօնական հեղինակութիւններուն ուղղուած կոչ մը` նպաստելու կնոջ ազատութեան եւ սեռերու միջեւ հաւասարութեան հաստատումին, իսկ միւս կողմէ կոչ ուղղուեցաւ կնոջ շարունակելու իր պայքարը` տիրանալու համար իր իրաւունքներուն:
Ապա խօսք առաւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարանի Արաբական աշխարհի մէջ կնոջական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի տնօրէն Սամիրա Ակասին, որ ընդգծեց, թէ արաբական աշխարհին մէջ կինը լաւ վիճակի մէջ չէ եւ այդ իրավիճակը կը դրսեւորուի ամէնօրեայ դրութեամբ անոր դէմ գործուած ոտնձգութիւններով, ոճիրներով եւ բռնարարքներով:
Ակասի նշեց, որ իրենք «Տակաւին ո՛ւր ենք» ազգային արշաւին ընդմէջէն կը ջանան կնոջ դէմ խտրութեան օրէնքները վերացնել եւ օրէնսդրական բարեկարգումներ մշակել` կնոջ տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը բարելաւելու նպատակով:
«Մեր հիմնարկը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը եւ իր ներդրումը պիտի ունենայ բոլոր արշաւներուն մէջ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են կնոջ արդար, մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն», ըսաւ ան:
Քաղաքացիական ընկերութեան խօսքը փոխանցեց Լիբանանեան կնոջական խորհուրդի նախագահ Ժամալ Հերմեզ Ղըպրիլ, որ անդրադարձաւ կինը` անոր դէմ գոր-ծուած խտրութենէն ազատելու կարեւորութեան: Ան հեգնանքով անդրադարձաւ կինը ընտանեկան բռնութենէ պաշտպանող «կիսաօրէնք»-ին եւ անհրաժեշտ նկատեց, կիներու իրաւունքները պահպանող օրէնքներուն վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կինը ներկայացնելու մասնաբաժինի վաւերացումը:
«Լիբանանցի կինը քաղաքական կեանքին մէջ ներկայութիւն դարձնելը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ ան կրնայ իր լուրջ դերակատարութիւնը ունենալ քաղաքացիա-կան անվտանգութեան հաստատումին մէջ», ըսաւ Ղըպրիլ` աւելցնելով, որ ընկերութեան մը փոփոխութեան հիմնական երեք ուժերն են սուրը, գրիչն ու կինը:
«Փաուըր փոյնթ»-ի ներկայացումով հանդէս եկաւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ, որ յստակ ու հետաքրքրական պատկերներով ներկայացուց «Տակաւին ո՛ւր ենք» արշաւին մանրամասնութիւնները:
Քարամ անդրադարձաւ խորհուրդին իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ թուեց իրագործելի ծրագիրները:
Կնոջ եւ մանուկներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժիլպերթ Զուէյն ողջունեց Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին կողմէ մշակուած օրինագիծերը, որոնք կը վերաբերին կիներու տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին բարելաւման:
Զուէյն ընդգծեց կնոջ եւ այր մարդուն միջեւ հաւասարութիւնը պարտադրելու կարեւորութիւնը:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց խորհուրդին եւ քաղաքացիական ընկերութեան միութիւններուն, որոնք օժանդակած են իր նախագահած խորհրդարանական յանձնախումբին 27 օրինագիծ մշակելու:
Վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ շեշտեց, որ կնոջ եւ յատկապէս արաբ կնոջ դէմ խտրութիւնը, բռնութիւնն ու անարդարութիւնը այնպիսի տգեղ յատկութիւններ են, որոնք ընկերային ճնշում կը բանեցնեն` արաբական ընկերութիւնը վերածելով յետամնաց ընկերութեան:
Ան շեշտը դրաւ կինը «ազատագրելու» գաղափարին վրայ` անոր «իրաւունքները» եզրին փոխարէն:
Ղանեմ խստիւ դատապարտեց այն դրութիւնը, որ լիբանանցի մայրը իր զաւկին չի կրնար քաղաքացիութիւն շնորհել, նոյնիսկ երբ մանուկը Լիբանանի մէջ ծնած է:
«Դատապարտելի է նաեւ այն իրականութիւնը, որ չկայ օրէնք մը, որ կինը կը պաշտպանէ աշխատանքի վայրին մէջ անոր դէմ գործուած սեռային բռնութիւններէն: Իսկ Լիբանանի մէջ պետական Ա. կարգի պաշտօնները ստանձնողներուն եւ ընդհանուր տնօրէններուն միայն 8 առ հարիւրը կիներ են, իսկ 92 առ հարիւրը այր մարդիկ», ըսաւ ան:
Ղանեմ իր խօսքը աւարտեց շեշտելով, որ լիբանանցի կինը բոլոր յատկանիշները ունի ինքզինք փաստելու եւ տարբեր մարզերու մէջ այր մարդուն հաւասարելու` կոչ ուղղելով «ազատագրելու» զայն:
Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց խորհուրդի փոխնախագահ Ռանտա Պըրրի, որ ողջունեց լիբանանցի կինը եւ պայքարելու անոր կամքն ու կորովը, ինչպէս նաեւ անոր զոհողութիւնները` իր իրաւունքներուն տիրանալու նպատակով:
«Մարտահրաւէրներուն դիմաց մեր ճակատագիրը դիմադրութիւնն է եւ ոչ թէ անձնատուր ըլլալն ու պարտուիլը, այլ` յաղթական դուրս գալը», ըսաւ ան:
Ռանտա Պըրրի անդրադարձաւ վերջերս Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի եւ ԷՍՔՈՒԱ-ի խորհրդաժողովներուն Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդին բերած մասնակցութեան եւ ներկայացուցած շինիչ առաջարկներուն` կիներուն իրաւունքները ապահովելու եւ անոնց դէմ խտրութիւնն ու բռնութիւնները ջնջելու առումով: