Անթիլիասը Դարձեալ Ծաղկազարդուեցաւ Հայ Մանուկներով
Բազմահազար հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ, երէկ առաւօտ փութացին Անթիլիասի մայրավանք` տօնախմբելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ: Հոգեպարար տեսարան պարզուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, երբ հայ մանուկները մոմերով ու ձիթենիի ճիւղերով մասնակից դարձան Ծաղկազարդի թափօրին, ապա լսեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրական խօսքը: «Այսօր մենք կը դիմաւորենք մեր Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Ի՜նչ գեղեցիկ երեւոյթ է տեսնել մեր մանուկները իրենց ծնողներով, որոնք եկած...


















