Գաղութային

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով.  Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ  Ներկայացուց  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Օսմանեան  Կայսրութեան Վարած Բռնատիրական Քաղաքականութիւնը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Առիթով. Դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Վարած Բռնատիրական Քաղաքականութիւնը

Հովանաւորութեամբ  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ կազմակերպութեամբ  ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» մշակութային միութեան, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, երեկոյեան  ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական քաղաքականութիւնը` Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ» խորագիրով դասախօսական երեկոն ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց Արին Ղազարեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ...

Հաղորդագրութիւն.  Երեք Կանթեղներ` Ի Յիշատակ  Երեք Սահմանապահ Նահատակներուն

Հաղորդագրութիւն. Երեք Կանթեղներ` Ի Յիշատակ Երեք Սահմանապահ Նահատակներուն

Ինչպէս յայտարարուեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի կազմակերպած Արցախի զօրակցական հաւաքին` երկուշաբթի, 23 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին երեք կանթեղներ եւս Պուրճ Համուտի հրապարակէն ձգուեցան դէպի երկինք` ի յիշատակ Արցախի պաշտպանութեան բանակի 3 սահմանապահ զինուորներուն, որոնք 19 Մարտի առաւօտեան զոհ գացին ազրպէյճանական ոտնձգութեան: Յակոբ Խաչատրեանի (ծնեալ` 1996-ին), Էդուարդ Հայրապետեանի (ծնեալ` 1995-ին), եւ Արշակ Յարութիւնեանի (ծնեալ` 1995-ին) զոհուելով 2015-ին ազրպէյճանական գնդակով նահատակուած հայ սահմանապահներու...

«Մհեր Մկրտչեան» Թատերախումբ.  Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ Հիւրը»  Թատերախաղի Ներկայացում

«Մհեր Մկրտչեան» Թատերախումբ. Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ Հիւրը» Թատերախաղի Ներկայացում

Անցնող շաբաթավերջին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ գաղտնի ոստիկանական վէպերու հեղինակ Ակաթա Քրիսթիի «Անկոչ հիւրը» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յարութ Գնդունիի: Թատրերգութեան նիւթը կը դառնար տան մը մէջ, ուր ոճիր մը պատահած էր: Սպաննուած անձը տարիներ առաջ իր ինքնաշարժով կոխկռտած էր մանուկ մը: Առ այդ, կասկած կար, որ այդ մանուկին ծնողքը զինք սպաննած ըլլային. այլ կասկածներ կային...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի հաւանութիւնը առնելէն եւ Ս. աթոռը տեղեակ պահելէն ետք, ընդունեց արհիապատիւ տէր Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի հրաժարականը Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդի հովուական պաշտօնէն, ըստ Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու կանոնագիրի կանոն 210-ին: Հետեւաբար Ս. աթոռը շաբաթ, 21 մարտ 2015-ին յայտարարեց, թէ սրբազան քահանայապետը վերջ դրաւ գերապայծառ հայր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի` Պոլսոյ հայ...

«Ֆայհա» Երգչախումբի Համերգ`  Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցին Առիթով

«Ֆայհա» Երգչախումբի Համերգ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հետ գործակցաբար`  կիրակի, 22 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբին համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի: Բացման խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով արտասանեց Ներսէս Պաղտոյեան:Ան ներկաները ողջունելէ ետք...

Անմոռուկ Ծաղիկի  Կրծքանշաններէն  Ստանալու Համար

Անմոռուկ Ծաղիկի Կրծքանշաններէն Ստանալու Համար

Այն կազմակերպութիւններն ու միութիւնները, որոնք կ՛ուզեն որոշ քանակութեամբ 100-ամեակի կրծքանշաններէն (անմոռուկ ծաղիկ) ստանալ, կրնան հեռաձայնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործավարութեան` 70-951586 թիւին:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին Առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանէն Հնչած Դատապարտումի, Զօրակցութեան Եւ Յարգանքի Արտայայտութեան Իբրեւ Պատասխան, Սուրիահայութեան Անունով Երախտագիտական Նամակներ Յղուեցան Սուրիոյ Նախագահին Եւ Խորհդարանին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին Առիթով Սուրիոյ Խորհրդարանէն Հնչած Դատապարտումի, Զօրակցութեան Եւ Յարգանքի Արտայայտութեան Իբրեւ Պատասխան, Սուրիահայութեան Անունով Երախտագիտական Նամակներ Յղուեցան Սուրիոյ Նախագահին Եւ Խորհդարանին

Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինը ի հետեւումն Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2015-ին գումարած արտահերթ իր նիստին, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ, 19 եւ 21 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրէնեան դահլիճին մէջ գումարեց յաջորդական յատուկ նիստեր: Այս նիստերուն ընթացքին ժողովականները բծախնդրօրէն քննարկեցին Խորհրդարանին բանաձեւը եւ ի հետեւումն նամակներ ուղղեցին Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին եւ Սուրիոյ Խորհրդարանին: Հայոց Ցեղասպանութեան 100...

Հայ Ժողովուրդը Իր Հաւատքի Հօր` Սուրբ  Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջի Մասունքով  Վերանորոգեց Իր Հաւատքը

Հայ Ժողովուրդը Իր Հաւատքի Հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջի Մասունքով Վերանորոգեց Իր Հաւատքը

Կիրակի, 22 մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ողողուած էր հազարաւոր ուխտաւորներով, որոնք եկած էին վերանորոգելու եւ իրենց հաւատքը ամրապնդելու հայոց հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին մասունքով: 21 մարտը տօնն էր Ս.  Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապին, որ նաեւ ուխտի օրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ուխտի կիրակի օրուան արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Այս...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական  Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ`.  «Մանուկներու Միջազգային Օր»-ուան Հանդիսաւոր Նշում

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ`. «Մանուկներու Միջազգային Օր»-ուան Հանդիսաւոր Նշում

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւն մատուցելով հայ ազգի զաւակներուն, աւելի՛ն,  ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր յանձնախումբերուն ճամբով կը միտի հասնիլ բոլոր խաւերուն, յատկապէս` մանուկներուն: Այդ նպատակով ալ, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին,  Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած «Մանուկներու օր»-ուան ձեռնարկը: Տարիներու աւանդութիւն դարձած վերոյիշեալ ձեռնակին ...

«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնին Աւանդական Աշխատանքային  Սեմինարը` Յատուկ 10-րդ Կարգի Աշակերտութեան

«Հորիզոն» Թմրամոլութեան Նախազգուշական Կեդրոնին Աւանդական Աշխատանքային Սեմինարը` Յատուկ 10-րդ Կարգի Աշակերտութեան

Կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան նախազգուշական կեդրոնին, շաբաթ, 21 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական աշխատանքային սեմինարը: Սեմինարին ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Պաշտօնական Ձեռնարկ Եւ Խաչքարի Զետեղում`  «Էն. Տի. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Պաշտօնական Ձեռնարկ Եւ Խաչքարի Զետեղում` «Էն. Տի. Եու.» Համալսարանին Մէջ

Լիբանանի «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի տնօրէնութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հետ համագործակցաբար երէկ` ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, համանուն համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ` պաշտօնական ձեռնարկ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով: Նատա Սաատ Սապեր Սեդա Խտըշեան Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Նատա Սաատ Սապեր: Ան համալսարանին անունով ողջունեց ներկաները եւ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Արեան Տուչութեան Արշաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Արեան Տուչութեան Արշաւ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով

Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, արեան տուչութեան արշաւ մը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, գործակցութեամբ Լիբանանի կարմիր խաչին: Ուրախ ենք յայտնելու, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս արշաւին ծիրին...

Հարցազրոյց` Միհրան  Քիւրտօղլեանի Հետ

Հարցազրոյց` Միհրան Քիւրտօղլեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 20 մարտին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց հրապարակագիր Միհրան Քիւրտօղլեանի հետ: Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին, 100-ամեակին եւ զանոնք կանխող ու անոնց յաջորդող ժամանակաշրջաններու հարցերուն վերաբերող հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Խօսելով 50-ամեակին եւ զայն կանխող ժամանակաշրջանին մասին` Քիւրտօղլեան ըսաւ, որ 50-ամեակը կանխող ժամանակաշրջանը ընդհանրապէս սուգի եւ ցաւի ժամանակաշրջան էր: 50-ամեակը հրաբխային ժայթք մը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Գահիրէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Գահիրէ

Երէկ առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու Միջին Արեւելքի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ ընթացք ստացած Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպման պիտի մասնակցին վեհափառ հայրապետը, ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս Բ. պատրիարքը եւ ասորի եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքը: Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ պիտի հանդիպի հոգեւոր պետերուն կողմէ ճշդուած Գործադիր յանձնախումբը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ.  «Արեւելքէն Արեւմուտք Եւ Արդիականութենէն  Յետարդիականութիւն» Ցուցահանդէսի Բացում

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ. «Արեւելքէն Արեւմուտք Եւ Արդիականութենէն Յետարդիականութիւն» Ցուցահանդէսի Բացում

Հայկազեան համալսարանը ներկայացուց  Երեւանի «Բարձր արուեստ» կեդրոնի «Արեւելքէն արեւմուտք եւ արդիականութենէն յետարդիականութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը  իր հիմնադրութեան 60-ամեակին առիթով հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ «Մախզումի» հիմնարկին հետ համագործակցաբար, հինգշաբթի, 19 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան նշեց, որ ասիկա Հայկազեան համալսարանի 60-ամեակի ծիրին մէջ...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբ  Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Թատերական Նոր Ներկայացում

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Թատերական Նոր Ներկայացում

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով,  հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը նախաձեռնած է թատերական մշակութային գործի մը: Առ այդ, 10,11,12,17,18,19 ապրիլին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ թատերախումբը հանրութեան պիտի ներկայանայ Լորըն Շիրինեանի «Կոթողական» ներկայացումով, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Այս թատերական գործը կը ներկայացնէ լուրջ մտորումներ` ցեղասպանութեան, յիշողութեան, ոգեկոչման, ստեղծագործութեան եւ զարգացման շուրջ: Ներկայացման...

«Արթ Լաունճ» Սրահին Մէջ Ժանեթ Յակոբեանի  «Ակնթարթ Մը` Կանխած Ժամանակի Մէջ»  Ցուցահանդէսի Բացում

«Արթ Լաունճ» Սրահին Մէջ Ժանեթ Յակոբեանի «Ակնթարթ Մը` Կանխած Ժամանակի Մէջ» Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ «Արթ Լաունճ» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 19 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ արուեստագէտ, գեղանկարիչ Ժանեթ Յակոբեանի «Ակնթարթ մը` կանխած ժամանակի մէջ» խորագիրով ցուցահանդէսին բացումը` «Արթ Լաունճ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ: Յակոբեան ցուցահանդէսին խորագիրը լուսաբանեց հաստատելով, որ ցուցահանդէսը յատուկ նիւթի մը վրայ չէ կեդրոնացած, անոր ընթացքին ցուցադրուած գործերը տարբեր տեսակի ընկերային ու հասարակական ամէնօրեայ երեւոյթներէ ազդուած նիւթեր կը շօշափեն:...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սուրիոյ  Կեդրոնական Մարմինի Արտահերթ Նիստ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմինի Արտահերթ Նիստ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինը չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ի երեկոյեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» սրահին մէջ գումարեց արտահերթ նիստ մը` մասնակցութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետերուն, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սուրիոյ կեդրոնական մարմինի տեղեկատուական աղբիւրը: Նիստի օրակարգի հիմնական առանցքը կը կազմէր երեքշաբթի 17 մարտ 2015-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամի խորհրդարանի...

Ընդհարումներ` Դաշնակցական Երիտասարդութեան Եւ Թուրքիոյ Դեսպանատան Ապահովական Բաժինի Պաշտօնեաներուն Միջեւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ ԼԵՄ-ականներու եւ ԶՈՄ-ականներու 60 հոգինոց խումբ մը բողոքի ցոյց մը կատարեց Պէյրութի «Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ» հանրախանութի շարժապատկերի սրահին մուտքին, ուր տեղի պիտի ունենար Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած «Սոն Մեքթուփ» (Վերջին նամակը) թրքերէն ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնը կը խօսի Կալիփոլիի ճակատամարտին մասին, որուն 100-ամեակը օգտագործելով, թրքական  արտաքին քաղաքականութիւնը կը փորձէ...

Page 355 of 364 1 … 354 355 356 … 364

Արխիւներ