Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» Պատանեկան Միութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեայ Պատգամով` «Քար Առ Քար Վերանորոգենք Մեր Արմատները»

Մարտ 30, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-28-15_badaniՀովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 28 մարտ 2015-ին, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ ամբողջ օրուան մը տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած օր` «Քար առ քար վերանորոգենք մեր արմատները» նիւթով:

Այսպէս, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, հիւրեր ու ծնողներ դիտեցին պատանեկան միութեան ցուցադրած աշխատանքները` «Յարգե՛նք մեր նահատակները», «Պահե՛նք մեր մշակոյթը», «Պայքարի՛նք յանուն հայրենիքին» եւ «Տէ՛ր կանգնինք մեր իրաւունքներուն» գլխաւոր թեմաներով:

Պատանեկան այս ձեռնարկին գլխաւոր նպատակը` «Քար առ քառ վերանորոգե՛նք մեր արմատները», ներկայացուած էր ծառով մը` Սարդարապատի յուշակոթողի կրկնօրինակին հետ մէկտեղուած, որուն վրայ իւրաքանչիւր այցելու «փորագրեց» իր մականունն ու տոհմիկ ծննդավայրը` իբրեւ խորհրդանիշ անկախութիւն կերտած հայ ժողովուրդի վճռակամութեան ու յարատեւութեան: Օրուան աւարտին այցելուներու մականուններով ու տոհմիկ ծննդավայրերով ամբողջացած այս խորհրդանշական կրկնօրինակը, ծառին հետ մէկտեղուած, դարձաւ պատանեկան միութեան մարտահրաւէր` յարատեւ աշխատանքով նոր ջուր ու նոր հող տալու նախահայրերու արմատներուն:

Օրուան նախաձեռնութեան վերջին բաժինը, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, միութեան յայտագիրն էր, Զալքայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ` ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու, պատանեկան միութիւններու, ինչպէս նաեւ համակիրներու: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկը բացուեցաւ պատանեկան միութեան աշխատանքը եղող Սարդարապատի կրկնօրինակին զետեղումով` ներկայացնելով  նախահայրերուն արմատներուն խորհրդանիշ ծառ մը, վերանորոգուած` պատանիներուն ու ներկաներուն աշխատանքով: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յարգանքի յիշատակութենէն ետք, խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին նազ պար, որուն յաջորդեց «Սերոբին երգը» ոգեւորիչ խմբային երգը` կատարողութեամբ միութեան պատանիներուն:

«Զա՛րկ շարունակ… եւ այն ժամանակ, հաւատա՛, նահատակ ժողովուրդ, արիւնարբու թշնամիդ անգամ ծունկ կը չոքի ու կը կոչի` ՅԱՐԳԱ՜ՆՔ ՔԵԶ»: Ա. Ահարոնեանի այս խօսքով, խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին յաղթանակի բուրգը, որուն յաջորդեց «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգին կատարումը` միութեան պատանի Սերժ Ահարոնեանի մեներգութեամբ:

Միութեան խօսքը ներկայացուց Մակալի Թոմասեան, որ անդրադարձաւ նախահայրերու վճռակամութեան ու կամքին, ինչպէս նաեւ մղած հերոսամարտերուն ու պայքարին` յարատեւելու ու կերտելու նոր սերունդներ: Անդրադառնալով ցեղասպանութեան հատուցման պահանջներուն` Թոմասեան միութեան անունով կոչ ուղղեց կառչելու հայ մշակոյթին, գրականութեան եւ գիրին, կրօնին եւ հայրենիքին, ինչպէս նաեւ մեր աւանդութիւններուն եւ պահանջելու մեր արդար իրաւունքը` ամբողջական հատուցում, ամբողջական Հայաստան: «ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ-Սերգէյ» պատանեկան միութիւնը, 1923 թուականին ստեղծուած Լիբանանի պատանեկան միութիւններէն մէկը, ահա հո՛ս Սարդարապատի յաղթական յուշակոթողին դիմաց, պիտի պահպանե՛նք մեր նախահայրերուն ցանած աշխատանքը` այս ծառը, եւ պիտի ծաղկեցնե՛նք զայն, նոր հող ու ջուր տալով անոր` մեր յարատե՛ւ աշխատանքով: Ո՛վ ցեղասպան Թուրքիա, տե՛ս մեր շարքերը, տե՛ս մեր կամքը, ճանչցի՛ր Սարդարապատը, եւ գիտցի՛ր, թէ մեր պայքարը վերջ չունի՛ մեր արմատները կը կանչե՛ն մեզի», եզրափակեց ան:

Յայտագիրի վերջին բաժինով, ներկաները իրենց ոգեւորիչ գագաթնակէտը ապրեցան փունջ մը յեղափոխական երգերով, զորս կատարեց Յարութ Լափաճեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նշենք, որ ներկաները ստացան պատանեկան միութեան պատրաստած «Պահանջենք մեր իրաւունքը» ձեռային աշխատանք մը, ինչպէս նաեւ վերանորոգուող պայքարը խորհրդանշող հունտեր:

 

 

Նախորդը

Ֆեթհիյէ Չեթին Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի «Հրանդ Տինք» Միջդպրոցական Շարադրութեան Մրցանք. «Տինքը Սպաննողները Անոր Գաղափարները Ջնջել Կարծեցին, Բայց Հազարաւոր Նոր Տինքեր Ստեղծեցին» Յայտարարեց Ֆեթհիյէ Չեթին

RelatedPosts

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան  Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին
Գաղութային

Ապագայ Լրագրողները Ծանօթացան Ելեւմտական Շուկաներուն, Դրամին ու Թուայնացած Դրամին

Մարտ 25, 2023
«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է»  Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Գաղութային

«Բոլոր Մարդոց Հաւասարութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքի Անյեղլի Սկզբունքներէն Մէկն Է» Հաստատեց Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Մարտ 24, 2023
Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ
Գաղութային

Քուէյթի Եւ Շրջակայից Թեմի Պատուիրակութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In